Չինաստանը որոշած է պատժամիջոցնէր սահմանել ԱՄՆ-ի դէմ՝ Թայուանին զէնք վաճառելէ յետոյ: Այս մասին յայտարարած է ՉԺՀ Արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Վան Վենպինը:
Խօսքը ամերիկեան Lockheed Martin եւ Raytheon Technologies ընկերութիւններուն մասին է, որոնք երկար ժամանակ մասնակցած են Թայուանին սպառազինութեան մատակարարման:
«Չինաստանի կառավարութիւնը` արտաքին պատժամիջոցներուն հակազդելու մասին օրէնքին համապատասխան եւ ՉԺՀ անվտանգութեան շահերն ու ինքնիշխանութիւնը պաշտպանելու նպատակով, որոշում կայացուցած է պատժամիջոցներ սակմանել ամերիկեան Lockheed Martin եւ Raytheon Technologies ռազմարդիւնաբերական ընկերութիւններուն նկատմամբ», նշած է դիւանագէտը:
Անոր խօսքով` Թայուանին սպառազինութեան վաճառքը կոպտօրէն կը խախտէ «միասնական Չինաստանի» սկզբունքը, ինչ որ լուրջ վնաս կը հասցնէ ինչպէս ինքնիշխանութեան, այնպէս ալ անվտանգութեան շահերուն:
Չինացի դիւանագէտը չէ յստակացացուցած, թէ ճշգրիտ ինչ պատժամիջոցներ պիտի կիրառուին եւ երբ պիտի սկսին գործել: