image

Չաւուշօղլուն դէպի Աֆղաննե՞ր

Չաւուշօղլուն դէպի Աֆղաննե՞ր

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն հանդիպած է Աֆղանիստանի հաշտեցման հարցերով ԱՄՆ յատուկ ներկայացուցիչ Զալմայ Խալիլզատին, յայտնած է Ahval թերթը, նշելով, որ հանդիպումը կայացած է Ուզպեքստանի մայրաքաղաք Թաշքենտի մէջ:

Հանդիպումէն ետք Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը նշած է, որ «միտքեր փոխանակած են Աֆղանիստանի խաղաղ կարգաւորման գործընթացի եւ տարածաշրջանային զարգացումներու վերաբերեալ»:

Բացի անկէ՝ Չաւուշօղլուն հանդիպած է նաեւ Աֆղանիստանի նախագահ Աշրաֆ Ղանիի եւ արտաքին գործոց նախարար Հանիֆ Աթմարի հետ:

Յիշեցնենք, որ Թուրքիան համաձայնած է, Սեպտեմբերին ՆԱԹՕ-ի զօրքերու դուրսբերումէմ ետք, վերահսկողութիւն հաստատել Քապուլի միջազգային օդակայանի վրայ՝ ՆԱԹՕ-ի հետ կնքելով 130 միլիոն տոլար արժողութեամբ պայմանագիր:

Յայտնի է, որ թրքական զօրքերը 2003 թուականէն ի վեր տեղակայուած են Աֆղանիստանի մէջ ՆԱԹՕ-ի առաքելութեան ներքոյ, սակայն մարտական գործողութիւններու չեն մասնակցիր: Չմերժելով «Թալեպան»-ի եւ կառավարութեան միջեւ Քապուլի մէջ խաղաղ բանակցութիւններ վարելու վերաբերեալ Ուաշինկթընի խնդրանքը՝ Անգարան հակամարտութեան մէջ աւելի աշխոյժ դիւանագիտական դեր ստանձնած է այս տարուան սկիզբէն։

Յիշեցնենք նաեւ, որ Միացեալ Նահանգներու զօրքերու դուրսբերման զուգահեռ թալեպները գրաւած են երկրի զգալի մասը`վերահսկողութիւն սահմանելով Տաճիկստանի հետ սահմանի գրեթէ ամբողջ երկայնքով: