ՀՀ վերաքննիչ քրէական դատարանը անորոշ ժամկէտով եւ առանց պատճառի յետաձգած է «Համախմբում» շարժման անդամ, հասարակական-քաղաքական գործիչ Աւետիք Չալաբեանի խափանման միջոց կալանքը փոփոխելու հարցով որոշումը։ Այս մասին դիմատետրեան իր էջին գրած է Չալաբեանի պաշտպան Վարազդատ Յարութիւնեանը։
«Աւետիք Չալաբեանի կալանքի դէմ վերաքննիչ բողոքի վերաբերեալ որոշման այսօր 12:00-ին նշանակուած հրապարակումը յետաձգուեց անորոշ ժամկէտով եւ առանց պատճառի:
Յ.Գ. եզրակացութիւնները թողնում եմ ձեզ»,- գրած է ան։