image

«Ցաւը կու գայ ձիու քառասմբակ արշաւով եւ կը հեռանայ խխունջի յամրաքայլ սահանքով».Գերշ. Տ. Անուշաւան արք.ին հետ մտերիմ զրոյց

«Ցաւը կու գայ ձիու քառասմբակ արշաւով եւ կը հեռանայ խխունջի յամրաքայլ սահանքով».Գերշ. Տ. Անուշաւան արք.ին հետ մտերիմ զրոյց

 

Եկեղեցին զերծ չմնաց այս վերիվայրումներէն։ Իր էութեամբ իսկ հաւաքական կեանքի արտայայտիչը ըլլալով, երկհազարամեայ փորձառութեամբ զարգացած ու կազմակերպուած Տիեզերական Եկեղեցին, ընդ որս եւ Հայ Եկեղեցին, իր դէմ յարուցուած երեւելի հալածանքներու սպառնալիքներէն աւելի նոր իմն խափանարար կացութեան դէմ գտաւ ինքզինք։ 

«Արեւելք»-ի Հարցումներուն կը պատասանէ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Արեւելեան Թեմի Բարեջան Առաջնորդ ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան արք. Դանիէլեան:

Հայկական օրակարգի ծանրաբեռնուածութիւնը ստեղծած է այնպիսի իրավիճակ մը, որ բոլոր խնդիրները կարծէք դրուած են մէկդի եւ մեծ մտավախութիւններով լեցուն մեր հայացքները ուղղուած են այսօր բարդ վիճակներու մէջ իր գոյատեւումը շարունակող Հայաստան աշխարհին։ Այնուհետեւ հարկ է նաեւ մեր ընթերցողներուն հետ կիսուիլ այն փորձառութիւնները կամ ընթացքները, որուն մէջէն անցան Հայաստանի տագնապով ապրող, բայց եւ այնպէս Հայաստանէն հեռու ապրող մեր հայրենակիցները։

 Այս օրակարգով ալ օրերս ուշագրաւ հարցազրոյց մ՚ունեցայ ԱՄՆ-ի Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան արք. Դանիէլեանին հետ։ 

 

Ստորեւ հարցազրոյցը՝

-Աստուած օգնական Սրբազան Հայր. վերջին օրերուն կարճ գրաւոր խօսք- պատգամով մը հանդէս եկաք ու նշեցիք, որ «Մեր Եկեղեցին աւելի ուժեղ դուրս եկաւ «Քորոնա»ի համավարակէն». Ի՞նչ էր իրական պատճառը այդպիսի արտայայտութիւն ունենալու։ Հակիրճ տողերու մէջ կարող է՞ք բացատրել այս խօսքին հիմունքը։

Աստուած պահապան։ Պատասխանելով ձեր հարցումին, թէ առիթով մը ի՞նչ նպատակաւ հետեւեալ խօսքը յայտնած էի, «եկեղեցին համավարակէն զօրացած դուրս եկաւ», կ՛ուզեմ ընդարձակելով յստակեցնել միտք բանին։ Ի յառաջագունէ յայտնեմ նաեւ, որ հռետորական կամ զգացական բնոյթ ունենալէ աւելի, խօսքս հիմնուած էր փորձառական եւ առարկայական հիմունքներու վրայ, հետեւեոլ հասկացողութեամբ։

Համավարակը, համաշխարհային «Ցունամի»ի նման աննախընթաց տագնապ յարուցանեց, շփոթի, կասկածի անորոշութեան ու անկարութեան մթնոլորտ ստեղծելով համայն մարդկութեան համար։ Այն աստիճան, որ իւրաքանչիւր անձ ո՛չ միայն վախով ու կասկածով վարակուեցաւ օտարին, դրացիին, ընտանիքի անդամին հանդէպ, այլ նոյնիսկ իր անձին նկատմամբ։ 

Արհեստավարժութեան մէջ այնքան յառաջացած գիտութիւնն ու բժշկութիւնը զէրօ փորձառութեան առջեւ գտնուելով, մարդկային ընտանիքը միլիոնաւոր զոհերու կարգին յառաջամարտիկ բժիշկներ ու տարբեր մարզերու մէջ թանկագին մասնագէտներ կորսնցուց։ Պետական եւ այլ կառոյցներ անդամալուծուեցան, ընկերային կեանքը, որ հացի ու ջուրի նման կենսական էր, չքացաւ։ 

Եկեղեցին զերծ չմնաց այս վերիվայրումներէն։ Իր էութեամբ իսկ հաւաքական կեանքի արտայայտիչը ըլլալով, երկհազարամեայ փորձառութեամբ զարգացած ու կազմակերպուած Տիեզերական Եկեղեցին, ընդ որս եւ Հայ Եկեղեցին, իր դէմ յարուցուած երեւելի հալածանքներու սպառնալիքներէն աւելի նոր իմն խափանարար կացութեան դէմ գտաւ ինքզինք։ 

 

-Սրբազան Հայր, որպէսզի մեր ընթերցողը աւելի յստակ կերպով իրազեկ դառնայ այն փուլերէն, որ եկեղեցին անցաւ յատկապէս Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան կողմնաշխարհի, պիտի փափաքէինք, որ կարկինը քիչ մը աւելի լայն բանալով մեզի ներկայացնէք այն փուլերը, որոնցմէ անցաք անցնող 2-3 տարիներուն։

Խօսելով Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի փորձառութեան մասին, որ հիմքը կը կազմէ յայտարարութեանս, կրնամ վկայել հետեւեալը։

Ամենակալին Սուրբ Աջին հովանաւորութեամբ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս՝ Նորին Սուրբ Օծութիւն Տէր Տէր Արամ Ա․ Կաթողիկոսի հայրական իմաստուն եւ հեռատես յորդորներով, Թեմիս հոգեւորականաց դասը ամենայն իրապաշտութեամբ նկատի ունենալով ահազանգային կենաց մահու վտանգները, միաժամանակ լսելով փոթորկոտ ու ալեկոծ կեանքի ծովուն մէջ Քաջ Հովիւին ձայնը՝ «մի՛ վախնաք», ամենայն իմաստութեամբ եւ երկիւղածութեամբ հաւատացեալներուն հրամցուց առողջ դեղագիր մը՝ «Աղօթք, Կանխազգուշութիւն եւ Համբերութիւն», եւ ամենայն ճկունութեամբ պահելով եկեղեցւոյ հաստատութենական ոգին, ծիսական ժամանակաւոր բարեկարգութիւններ կատարեց, ինչպիսին են յընթացս սուրբ Պատարագի Ողջոյն տալու, հաղորդութիւն ստանալու եւ այլ գործնական միջոցառումներ։

Բաց աստի, շնորհիւ երիտասարդ ու նուիրեալ Հոգեւոր Հովիւներու հանճարին, Սուրբ Պատարագէն անդին «Աղօթք Ժողովուրդին հետ», «Խորհրդածութիւններ» հաւատացեալներուն համար, «Հաւատք եւ ընտանիք» մասնագիտական զրոյցներ, եկեղեցւոյ համեստագոյն արարողութիւններու սփռում, ինչպիսին են մոմավառութիւն, աղօթք հիւանդներու համար, եւն․, եւ ի վերայ այսր ամենայնի Սուրբ Գրոց սերտողութեանց ու հոգեշահ դասախօսութիւններու, պատանեաց հայեցի ու քրիստոնէական դաստիարակութեանց մատուցումը եւ սփռումը արհեստագիտութեան՝ «զում»ի միջոցաւ, ի վայելումն մեր ժողովուրդի առ հասարակ բոլոր խաւերուն, Հաւատքի հիմերը սասանեցնող սպառնալիքը վերածեց նորարարութեանց մղումի, զարկ տալով մեր մէջ թաքնուած աստուածապարգեւ ձիրքերու։

Իրա՛ւ է այն ասացուածքը, թէ «կարիքը մայրն է նորարարութեանց»։ Ծիսական կեանքի կողքին իւրաքանչիւր Ծուխի պատկան Մարմինները գործակցաբար մեր քոյր կազմակերպութեանց, տարեցներու եւ կարիքաւորներու արտահաս ծրագիրներով, ինչպէս նաեւ համայնքի կեանքը աշխոյժ պահելու նախանձախնդրութեամբ գործադրուած զարմանազան ապշեցուցիչ ըլլալու աստիճան գործնական ծրագիրնեով, եկան հաստատելու, թէ մարդկային կեանքին դէմ լեռնացող ամէն սպառնալիք կ՛անհետանայ, որովհետեւ Արարիչն Աստուած ի սկզբանէ տնօրինած է, որ մարդ արարածը իշխէ բնութեան եւ ո՛չ թէ իշխուի անկէ։ 

Ի դիմաց այս ահաւոր վերիվայրումներուն, իրենց բնակարաններուն, երբեմն նոյնիսկ առանձնասենեակի մէջ մեկուսացած մեր բարեպաշտ ժողովուրդի նիւթաբարոյական զօրակցութիւնը, եկաւ հաստատելու, թէ Եկեղեցին ժողովուրդի կեանքին մէջ տրոփող սիրտ է, եւ իր հրամայական դերակատարութիւնը ունի ո՛չ միայն խաղաղութեան, այլ աւելի՛ն՝ խռովայոյզ տագնապներու մէջ։ Արդարեւ, Համավարակի տագնապի օրէնքը եթէ կղզիացուց, առանձնացուց եւ հեռացուց անհատներ իրարմէ իսկ հաւատքի ու սիրոյ օրէնքը առաւել եւս մեզ իրարու եւ Աստուծոյ միացուց։

Արդար ըլլալու համար, պէտք է խոստովանինք, թէ Համավարակի սպառնալիքը դեռ եւս կը յամենայ հեռանալ մեր կեանքէն, ինչպէս դարաւոր փորձառութեանց խտացումը հանդիսացող հայկական առածը կը բնորոշէ՝ «ցաւը կու գայ ձիու քառասմբակ արշաւով եւ կը հեռանայ խխունջի յամրաքայլ սահանքով»։ Նաեւ, ժամանակաւոր թուացող կարգադրութիւններ կրնան որոշ քաղաքացիութիւն ստանալ, ինչպիսին է Սուրբ Պատարագի սփռումը, որ արդար ըլլալու համար պահանջք մըն էր նոյնիսկ նախահամավարակի շրջանին, յատկապէս մեր պատուական տարեց սերունդին կողմէ, այնուամենայնիւ, ընկերային կեանքի պահանջքը, չըսելու համար բնազդը, որ արդէն իսկ սկսած է արգելքներու թումբերը քանդել, ի վերջոյ եկեղեցւոյ կեանքին մէջ եւս իր դրական ազդեցութեամբ, եթէ ոչ անմիջականօրէն, բայց տրամաբանական ընթացքով մօտիկ ապագային պիտի վերահաստատէ բնականոն կեանքը։

 

-Այս բոլորէն անդին, մօտալուտ ապագային առընթեր Համավարակի «վերադարձ»ին հետ մտավախութիւններ ունի՞ք. Այլապէս ալ ի՞նչի վրայ կարելի է հիմնուիլ վտանգներէն զերծ վիճակով մը ապրելու համար։

Գոյատեւման սպառնացող բնական կամ արհեստական տագնապները յաղթահարելու եւ նոր իրավիճակներու պատշաճեցման գիտական բացատրութիւնը եթէ խտացուած է տեսաբան Տարվինի կողմէ բոլորիս ծանօթ The survival of the fittest անունով ծանօթ տեսութեամբ, անվարան կերպով կրնամ հաստատել, թէ անոնք որոնք իրենց դիմադրականութիւնը կը դարբնեն աստուածապարգեւ Հաւատքով, Յոյսով, Սիրով ու Կանխազգուշութեամբ ու Համբերութեամբ, կրնան յաղթահարել երեւելի եւ աներեւոյթ, բնութենէն յառաջացած կամ արուեստական կերպով պատրաստուած ամէն տեսակի հիւանդութեանց եւ սադրանքներու։

Եզրափակելով ձեր հարցումին մեր պատասխանը, թէ «եկեղեցին համավարակէն զօրացած դուրս եկաւ», յայտնեմ որ առ հասարակ մարդկութեան, եւ ի մասնաւորի Հայ ժողովուրդին համար յետ Ցեղասպանութեան 21րդ դարու համաշխարհային այս աղէտը հանդիսացաւ մեր Հաւատքին ու Կամքին բազկերակը փորձարկութեան ենթարկող

աննախընթաց պատեհութիւն մը, ո՛չ միայն համաշխարհային այս սպառնալիքին յաղթահարելու, այլ մեր առաջնահերթութիւնները վերադասաւորելու, ներքին ուժականութիւնն ու կարողականութիւնը զօրաշարժի ենթարկելու, աշխատանքային ձեւերը այժմէականացնելու՝ առաւել եւս օգտուելով արհեստագիտութեան բարիքներէն, եւ մեր առաքելութիւնը բիւրեղացնելու՝ կրակին բովէն անցած ոսկիի նման, որպէսզի Եկեղեցին դիմագրաւելով ԴԱՐ 22ը եւ աւելին, անմահանուն բանաստեղծ՝ Վահան Թէքէեանի խօսքով մնայ «Եկեղեցին հայկական՝ ծովուն դիմաց ալեկոծ, նաւահանգիստ մը խաղաղ»։

 

 Սագօ Արեան