image

«Բոլորը ձախողած են եւ մեզի պէտք են թարմ ուժեր».Վարդան Գաբրիէլեան

 «Բոլորը ձախողած են եւ մեզի պէտք են թարմ ուժեր».Վարդան Գաբրիէլեան

Ֆրանսահայ ազգային-հասարակական գործիչ Վարդան Գաբրիէլեան կը գրէ՝ 

    Այսօր, մեզի պէտք են թարմ ուժեր թէ՛ առաջնորդելու, թէ՛ ղեկավարելու, թէ՛ աշխատելու, քանի փաստ է թէ առկայ դերակատարները ձախողած են, սնանկացած ու անկարող նոր ուղի առաջարկելու։

Նեղանալ պէտք չէ, ընդամէնը մէկ անգամ հայելիին մէջ պէտք է նայիլ ու լուրջ ինքնագնահատական տալ։

Ատկէ ետք, մնալ՝ ոչ անպայման ակնկալուած աթոռի ու շահի համար՝ ինչպէս ոմանց պարագային, այլ նոյնիսկ ծառայելու անկեղծ մղումի դրդումով, մեղք է եւ յանցանք յանուն մեր ազգին։

Դժուար է գնահատել ընդհանուրին հասցուած մէկ ապիկարի վնասը, սակայն ապիկարներու կուտակումը, մանաւանդ ժամանակի տեւողութեան վրայ, ահռելիօրէն ցոյց կու տայ մեր պետական թէ սփիւռքեան գոյութեան կռուաններուն թուլացումը, ինչպէս նաեւ հայկական կազմակերպութիւններու արդիւնաւետ զարգացման խափանումը։

Մեր ստրկամտութիւնը, որ կու գայ մեր քաղաքական գիտակցութեան թուլութենէն, մեր յարմարուողականութիւնը, որ արտացոլումն է մեր ուղեղներու լճացման, մեր անարդար ու քծնող տեսակը, որ արդիւնքն է յանդգնելու ու համարձակելու քաջութեան արդեն շատոնց տրուած հրաժեշտին (յեղափոխական հաւակնոտ ինքնախաբէութեան կոչումի պայմաններուն տակ նոյնիսկ), մեզ զրկեցին նախ ներքին դիմադրողականութենէն, ապա եւ՝ ստեղծարար նախաձեռնողականութենէն։

Մենք կ՛ապրինք տրամաբանական ու միաժամանակ պարտադրուած պարտութիւններու ժամանակաշրջան։ Ոմանք պէտք է զբաղուին տագնապի ու ճգնաժամի կառավարմամբ, ուրիշներ՝ իշխանափոխութեամբ կամ ընդդիմափոխութեամբ։ Բայց կայ հիմնականը, դժուարագոյնը, կառուցողականը ու յաւերժականը՝ ոգեղէնի, կրթութեան, արժեքներու ու սիրոյ՝ հայրենիքի ու հայ մարդու նկատմամբ գերբնական ու անձնուէր սիրոյ, սերմնացանութիւնը. համակարգուած, ներառական եւ նպատակային։

Կարելի է ու անհրաժեշտ։

Այլ տարբերակ չկայ։