Թուրքիոյ մէջ երկրաշարժերէն ետք մագլցում կ'արձանագրէ իշխանութիւններէն դժգոհութիւնը՝ փլատակներու ոչ բաւարար արագ հաւաքման պատճառով, գրած է Bloomberg-ը:
Երկրի ղեկավարութեան ուղղոսած քննադատութեամբ հանդէս եկած են երկրաշարժէն փրկուածները եւ ընդդիմադիր կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները։ Անոնք պնդած են, որ ամբարձիչներու եւ այլ ծանր սարքերու ուղարկումը յետաձգելու հետեւանքով բաց կը թողուի մարդոց փրկելու կարեւորագոյն պահը։
Փորձագէտները մտավախութիւն ունին, որ փլատակներու տակ թաղուած են տասնեակ հազարաւոր մարդիկ, որ կը նշանակէ, որ զոհերու թիւը, հաւանաբար, պիտի շարունակէ աճիլ:
Բացի այդ, կառավարութիւնը կը մեղադրուի այն բանի համար, որ չէ կրցած ապահովել շինարարական վերելքի ընթացքին որակի կանոններու պահպանումը, որ նոյնպէս յանգեցուցած է զոհերու թիւի աճին:
Երկրի նախագահ Ռեճէպ Էրտողան, 8 փետրուարին, յայտարարած է, որ օգնութեան տրամադրման համար առկայ բոլոր միջոցները գործի դրուած են, իսկ յետոյ խոստովանած է, որ դժուարութիւններ առաջացած են ծանր ձմերային պայմաններուն բոլոր 10 տուժած նահանգներուն շտապ օգնութիւն ուղարկելու հարցով:
Ընդդիմադիր Ժողովրդահանրապետական կուսակցութեան ղեկավար Քեմալ Քըլըչտարօղլուի այն յայտարարութենէն ետք, թէ անորակ շինարարութիւնը յանգեցուցած է մեծ թուով զոհերու, եւ որ կառավարութիւնը վատնած է հարկատուներու փողերը, որոնք նախատեսուած էին նման աղէտներուն նախապատրաստուելու համար, երկրին մէջ ժամանակաւորապէս սահմանափակուած է Twitter-ի հասանելիութիւնը: