Բերձորէն բնակիչները ցարդ դուրս չեն եկած

Բերձորէն բնակիչները ցարդ դուրս չեն եկած

Բերձորէն դեռ բնակիչները դուրս չեն եկած, միայն հաւաքած են իրերը: Այս մասին NEWS.am-ի հետ զրոյցին ըսած է  Բերձորի քաղաքապետ՝ Նարեկ Ալեքսանեան նշելով, որ Բերձորէն դուրս պիտի ելլեն 170 բնակիչ:

«Դեռ յստակ չէ, որ ուղղութիւններով են բնակիչները գնալու, այսինքն` յստակ չէ Արցախում, թէ Հայաստանում կը վերաբնակեցուեն»,-ըսած է ան:

Նոր միջանցքի տարածքը գտնուող հայկական գիւղերուն մէջ վերաբնակեցման մասին քաղաքապետը յստակ տեղեկութիւն չունէր, սակայն նշած է, որ եթէ վերաբնակեցում ըլլայ, կը կարծէ, որ ընտանիքներ կ'ըլլան, որոնք կը փափաքին ապրիլ այդ գիւղերը:

Անդրադառնալով  բնակավայրէն դուրս ելլելէն յետոյ տուները այրելու խնդիրին` քաղաքապետը նշած է, որ անվտանգային խնդիրներ կան եւ ինք կը նախընտրէ, որ բնակիչները չայրեն տուները:

«Բերձորին մօտ է գտնւում Եղցահող համայնքը, եւ ասենք եթէ հրդեհեն, հնարաւոր է հրդեհը նաեւ այնտեղ մինչեւ հասնի, եւ մի շարք անվտանգային խնդիրներ կան, որոնց մասին չէի ուզենայ շատ խօսել, հրապարակման ենթակայ չեն: Ամէն դէպքում, ես չեմ կարծում, որ տուն այրելը կապ է ունենալու փոխհատուցում տալու հետ, չեմ կարծում, որ այրեն փոխհատուցում չեն ստանալու, սակայն իմ  կարծիքը յստակ է, որ պէտք չէ այրել»,-ըսած է ան:

Քաղաքապետը նշած է, որ քաղաքէն կը տարհանուին նաեւ մշակութային կոթողները, իսկ եկեղեցւոյ վրայի խաչքարերը հանուած են այն նկատառումներէ ելլելով, որ հետագային չպղծուին ատրպէյճանցիներու կողմէ:

Յիշեցնենք, որ Արցախի տարածքային կառավարման ու ենթակառուցուածքներու նախարար՝ Հայկ Խանումեան Աղաւնոյի եւ Բերձորի բնակիչներուն տեղեկացուցած է, որ մինչեւ 25 Օգոստոս պէտք է լքեն իրենց տուները։