Երբ խաղաղութեան պայմանագիր ըլլայ, հայերը կրնան ապրիլ Պաքուի մէջ, ատրպէյճանցիները կրնան վերադառնալ այն գիւղերը, ուր որ իրենք ժամանակին ապրած են Հայաստանի տարածքին մէջ, Ազգային Ժողովէն ներս ճեպազրոյցի ժամանակ ըսած է Ազգային Ժողովի նախագահ Ալեն Սիմոնեանը:
«Պայմանագրի կնքումից 5 րոպէ յետոյ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի բնակիչները սկսելու են իրար հետ առեւտուր անել, բոլոր հնարաւոր ձեւերով իրար հետ կոմունիկացուել եւ շփուել»,- նշած է ան։
Սիմոնեանը յայտարարած է, որ Ղարաբաղի շրջափակման ժամանակ առեւտուր եղած է արցախցիներու եւ ատրպէյճանցիներու միջեւ։
«Անուններ չտամ։ Ղարաբաղի որոշ ներկայացուցիչներ կոնեակ են վաճառել, փող են վերցրել։
Վերջացրէք, մի ապրէք հեքիաթների մէջ, որ առեւտուր չի լինելու, պատ ենք կառուցելու եւ իրար բարեւ չենք տալու»,-ըսած է ան: