image

Բարի եւ ազնիւ հայորդի ՝ Ճօրճ Թումայեանին մահը՝ Երուսաղէմի մէջ

Բարի եւ ազնիւ  հայորդի ՝ Ճօրճ Թումայեանին մահը՝ Երուսաղէմի մէջ

 Օրերս Երուսաղէմի մէջ իր մահկանացուն կնքած է համայնքի սիրուած անդամներէն, հեզ ու բարի անձնաւորութիւն՝ Ճօրճ Թումայեանը։

 

 Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Սեդրակ Պալեանէն։

Կը նշուի, որ հանգուցեալը երկար տարիներ գործած է «Եունէրուա» կազմակերպութիւնէն ներս։

Մեր ընթերցողներուն յայտնենք, որ այս առթիւ Երուսաղէմի ՀԵՄ-ը իր պաշտօնական էջին հրապարակած է կարճ մահագրութիւն մը, ուր մասնաւորապէս կ՚ըսուի՝ 

 

ՀԵՄ-ի վարչութիւնը կը գուժէ մահը Տիար Ճօրճ Թումայեանի որ տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 4 Փետրուար 2023-ին։ 

Այս առթիւ ՀԵՄ-ի վարչութիւնը իր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնէ կնոջ` Սեդա Թումայեանի եւ բոլոր ընտանեկան պարագաներուն։ 

Թաղման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, 5 Փետրուար, կէսօրէ ետք ժամը 3:30-իմ, Հայոց Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ։ 

Հոգեսուրճ ԵՀԲՄ-ի սրահին մէջ։

Աստուած Հոգին Լուսաւորէ