image

Բանակցութիւններ կ՚ընթանան Հայաստանի մէջ աթոմային ելեկտրակայաններ կառուցելու շուրջ․ Օվերչուք

Բանակցութիւններ կ՚ընթանան Հայաստանի մէջ աթոմային ելեկտրակայաններ կառուցելու շուրջ․ Օվերչուք

Հայաստանի մէջ նոր աթոմային ելեկտրակայաններ կառուցելու հարցով հայկական եւ ռուսական կողմերը բանակցութիւններու մէջ են։ Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Արմէնփրէս»-ը, դեկտեմբեր 15-ին հայ-ռուսական տնտեսական համագործակցութեան միջկառավարական նիստին այս մասին ըսած է Ռուսիոյ Դաշնութեան փոխվարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուքը։

Ռուսիոյ փոխվարչապետն ընդգծած է՝ Ռուսիոյ եւ Հայաստանի յարաբերութիւններու մէջ չափազանց կարեւոր թեմայ է աթոմային ուժանիւթի խաղաղ օգտագործման ոլորտի մէջ համագործակցութիւնը։

«Մենք շնորհակալ ենք, որ հայկական ԱԷԿ-ի շահագործման ժամկէտի երկարաձգման աշխատանքներու իրականացման վերաբերեալ որոշում կայացուեցաւ, եւ որպէս իրագործող սահմանուած է ռուսական ընկերութիւնը։ Ինչ կը վերաբերի նոր աթոմային ելեկտրակայաններուն, ապա ատոր վերաբերեալ նոյնպէս բանակցութիւններ կ՚ընթանան»,-ըսած է Օվերչուքը։