image
Հրատապ լուրեր:

Բաղրամեան փողոցը փակ է. Ընդդիմութեան համակիրներ կը հասնին Ազգային Ժողովի դիմաց

Բաղրամեան փողոցը փակ է. Ընդդիմութեան համակիրներ կը հասնին Ազգային Ժողովի դիմաց

Երէկ գիշեր ընդդիմութեան առաջարկով վրաններ լարուեցան Ազգային Ժողովի շէնքին դէմ եւ ընդդիմութեան ներկայացուցիչներ գիշերեցին այդ վրաններուն մէջ: Այս մասին հաղորդեց «Արեւելք»ի Երեւանի թղթակիցը:

Մեր աղբիւրը նաեւ նշեց, որ այս պահուն Բաղրամեան փողոցը երկու կողմերէն կը շարունակէ մնալ փակ եւ ընդդիմադիր ճակատի ներկայացուցիչներ ինչպէս նաեւ պատասխանատուներ կը հասնին հաւաքի վայր:

Միւս կողմէ նաեւ յիշեցնենք, որ ոստիկանութիւնը ստանձնած է այդ շրջանի ապահովութիւնը եւ մեծ թիւով ոստիկաններ կը կատարեն անվտանգութիւնը ապահովելու իրենց կարեւոր պարտականութիւնը:

 

Լուսանկարը ՝«Արեւելք»ի