Ազգային ժողովը մերժեց «Պատիւ ունեմ» խմբակցութեան հեղինակած յայտարարութեան նախագիծը, որ կ՚առաջարկէր Ազգային Ժողովի կողմէ յայտարարութիւն ընդունիլ Հայրենական մեծ պատերազմին մէջ յաղթանակի 80-ամեակի կապակցութեամբ։ Նախաձեռնութիւնն օրակարգի մէջ չէ ընդգրկուած՝ 27 կողմ, 54 դէմ, 2 ձեռնպահ ձայներով։
Նախագիծը նախապէս բացասական եզրակացութիւն ստացած էր Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովին կողմէ։ «Պատիւ ունեմ»-ի քարտուղար Տիգրան Աբրահամեանը Ազգային Ժողովի նիստին յայտարարած է, որ յանձնաժողովի քննարկումն ընթացած է աշխարհաքաղաքական շահերու բախման եւ թեմայէն շեղած մեկնաբանութիւններու շրջածիրէն ներս։
Յայտարարութեան նախագիծին մէջ նշուած էր, որ 80 տարի առաջ քաղաքակիրթ մարդկութիւնը, համատեղ ջանքերով եւ զոհողութիւններով, յաղթանակ տարաւ նացիստական Գերմանիոյ նկատմամբ։ Անդրադարձ կար նաեւ Շուշիի 1992-ի ազատագրման՝ որպէս հայ ժողովուրդի փառահեղ յաղթանակ։