image

Ազգային բարերար Կիրակոս Գույումճեանի բարեմաղթանքները Հալէպահայ ուսանողներուն

 Ազգային բարերար Կիրակոս Գույումճեանի բարեմաղթանքները Հալէպահայ ուսանողներուն

Բնիկ Հալէպցի ազգային բարերար Կիրակոս Գույումճեան օրերս իր բարեմաղթութիւնները յղած է Հալէպահայ աշակերտներուն։

Ասոր մասին «Արեւելք» իմացաւ Հալէպ հրապարակուող «Գանձասար» պարբերականէն։

 

 Ստորեւ այդ մասին հրապարակուած լրատւութիւնը՝  2024-2025 տարեշրջանի աւարտին, քուէթաբնակ, հալէպահայ բարերար Կիրակոս Գույումճեան նախորդ

տարիներուն նման «Ներսէս Շնորհալի»  ուսումնական մրցանակով պիտի պարգեւատրէ պաքալորիայի պետական  քննութիւններուն հալէպահայ վարժարաններու առաջին

երեք բարձրագոյն նիշեր ապահովող հայ  աշակերտները:

Բարերարը հալէպահայ  վարժարաններու 12-րդ կարգի քննութիւններ յանձնող հայ  աշակերտներուն յաջողութիւն կը մաղթէ, ցանկալով, որ անոնք

աշխատասիրութեամբ եւ մրցակցութեան   առողջ ոգիով բարձր մակարդակ  նուաճեն ուսման ասպարէզին մէջ։