Նոր Տարին եկաւ ու անցաւ: Գեղեցիկ ու պճնուած սիրով ու սրտագին մաղթանքներով՝ բոլորս ալ միասիրտ դիմաւորեցինք 2019 տարին:
Անցնող 2018 տարին, Մեր Հայրենիքին համար բաւականին հետաքրքրական տարի մըն էր: Տարի մը որ յղի էր յուսախաբութիւններով, բացասական մտորումներով, մտահոգութիւններով ու պղտոր ապագայով, որուն դեռ կէսը չթեւակոխած՝ չսպասուած սակայն խոստմնալից երկունք մը ապրեցանք Հայրենիքի կամարներուն ներքոյ: Ազատութեան, արդարութեան ու հայրենաշինութեան աղիողորմ այդ աղաղակը մեր մատաղ սերունդի անկոտրում կամքէն ու շուրթերէն արձակուած՝ բոլորիս սրտերը վայրկեանի սլաքներուն պէս միացուցին՝ ափ մը հայրենիքի վրայ մնացած մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն հետ:
Փա՛ռք Ամենակալին Աստուծոյ, որ այդ երկունքը երկար չտեւեց ու վերջապէս Արդարութիւնն ու Սէրը յաղթեցին, յաւերժ ամրապնդելով սէրն ու սրտերը մեր տառապած հայրենիքին հանդէպ: Այդ երկունքը ծնունդ տուաւ թարմ ու մատղաշ Յոյսին, մեր տունն ու ընտանիքը բարեկարգելու, բարենորոգելու, վանելու ժխտական երեւոյթները մեր կեանքէն, երդուելու ընել լաւագոյնն ու պիտանին միայն ու միայն ի շահ եւ ի պայծառութիւն բոլորիս պաշտելի Հայրենիքին:
Անցնող 2018 տարին, մեր ազգային, եկեղեցական ու համայնական կեանքէն ներս դարձաւ այն ժայռը, որուն վրայ հայութիւնը վիմագրեց սա երեք յոյժ նշանակալից բառերը.- «Ազատութիւն, Արդարութիւն, Հայրենաշինութիւն»:
Փաշինեանի ճարտարապետութեամբ գծուած սա ուղին՝ փաղաքշուած յուսադրիչ զգացումներով ու մտքերով, կը համակէ բոլորիս սրտերն ու հոգիները անխտիր: Անծայրածիր հորիզոն մը պարզուած է այժմ մեր աչքերուն առաջ, որուն պատնէշին վրայ խաղացողները շատ են ու փորձագէտն է յոյժ կարեւոր: Կը հաւատանք, որ Աստուած այդ փորձագէտներն ու իմաստունները յառաջ պիտի բերէ իւրաքանչիւրն իր ժամանակին, ուր մեր ապրուած մէն մի երկունք՝ ծնունդ պիտի տայ երիտասարդ բայց իմաստուն առաջնորդներու, շարունակելու այն ինչ որ սկսուեցաւ անցնող տարուան ընթացքին:
Թեւակոխեցինք 2019 տարին նոր յոյսերով ու սպասումներով, մանաւանդ Հայրենիքի հանդէպ տածած մեր մեծ ակնկալութիւններով: Սրտերը ուրախ են ու տրամադրութիւնները բարձր, սակայն պարտինք նաեւ Համբերութեան Աստուածը մեր սրտերուն մէջ երկարաշունչ պահել՝ երկար ու սպառեցնող ճամբուն վրայ դասալիք չլինելու համար:
Գաղտնիք մը չէ որ սփիւռքի տարածքին ցրուած հայութեան ազգային, եկեղեցական ու համայնական կեանքի ամենա-ապահով գրաւականը մեր Հայրենիքը կենսունակ, անխաթար պահելն է, ու մեր հաւատքն ու Եկեղեցին՝ ամուր: Հայրենիքը կրակարանն է, մեր Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին անոր կրակը, որուն շուրջ մեր բոլորի սրտերն ու հոգիները կը տաքանան:
Ոգեկան ու հոգեկան մեր զգացումներուն ու ներշնչումին աղբիւրը միշտ եղած է մեր Հայրենիքը ու մեր Լուսաւորչեան հաւատքը առ Աստուած: Մեր հաւատքի ամուր բերդ՝ Էջմիածինն ու Նախնեաց անկողոպտելի ժառանգութիւն՝ Հայրենիքը մէ՛կ են որքան մեր սիրտն ու հոգին:
Ահաւասիկ ա՛յս ոգիով կ'ուզէի բոլորիդ Նոր Տարին շնորհաւորել, մաղթելով ազգիս Հայկազուն գիտակից եւ անկոտրում կամք ու հաւատք, հայրենաշինութեան ոգիով թրծուած: Թող 2019 Տարին լինի մեր ազգային ու համայնական կեանքի յաջողութեան ու նորանոր ձեռքբերումներու տարի: Թող Տէր Աստուածն երկինքներուն Մեր Հայրենիքին ու Արցախին պարգեւէ ապահով երթ՝ դէպի լուսաւոր ապագայ: Սփիւռքի համայնքներուն, մեր աւանդական կուսակցութիւններուն թէ կազմակերպութիւններուն՝ տոկունութիւն, անսասանութիւն եւ վերելք իրենց հայապահպանման առաքելութեան մէջ:
Շնորհաւոր Նոր Տարի եւ Սուրբ Ծնունդ
Բագրատ Ծ. Վրդ. Պերճեքեան
Փոխ Առաջնորդ Ամերիկայի արեւմտեան թեմին