Մարկոսեան նաեւ ըսաւ, որ մինչեւ այս պահը յայտնի չեն դէպքին հանգամանքները։
Պուրճ համուտի մէջ գործող Azad Travel ընկերութեան գրասենեակը վնասներու ենթարկուած է։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ հաստատութեան սեփականատէր Կարօ Մարկոսեանէն։
Մարկոսեան նաեւ նշեց, որ այս առաւօտ գրասենեակի վերեւի յարկին ապակիները ջարդ ու փշուր եղած են, որուն հետեւանքով ալ հաստատութեան աշխատակից՝ Գէորգ Թէնէքէճեան վիրաւորուած ու հիւանդանոց փոխադրուած է։
Մարկոսեան նաեւ ըսաւ, որ մինչեւ այս պահը յայտնի չեն դէպքին հանգամանքները։
Նշենք նաեւ, որ Azad Travel-ը օդանաւային տոմսեր վաճառող եւ զբօսաշրջային գործունէութիւն ծաւալող հասատութեան գրասենակը մեծ վնասներու ենթարկուած է։