ԱՄՆ-ի մէջ հաւանութիւն տրուած է ԹՐԻՓՓ-ի զարգացման ծրագրին։ Այս մասին կը տեղեկացնեն Հայաստանի մէջ ԱՄՆ դեսպանատունէն։
ԱՄՆ Միջազգային Զարգացման Ֆինանսական ընկերութեան տնօրէններու խորհուրդը Յունիս 3-ին հաւանութիւն տուած է շարք մը նոր ռազմավարական ներդրումներու, որոնց շարքին՝ ԹՐԻՓՓ-ի Զարգացման Ընկերութեան հիմնադրման։ Այս հայ-ամերիկեան համատեղ ձեռնարկութիւնը նպատակ ունի աջակցելու առեւտուրին, փոխադրումներուն, տնտեսական զարգացման եւ տարածաշրջանային փոխկապակցուածութեան։
Միջազգային Զարգացման Ֆինանսական ընկերութեան համաձայն՝ ընկերութիւնը պիտի աջակցի առանցքային ենթակառուցուածքային ծրագիրներու իրականացման, ներառեալ երկաթուղիներու, ճամբաներու, խողովակաշարերու, օփթիքամանրաթելային ցանցերու եւ այլ ենթակառուցուածքներու զարգացման։