Մշակութային ցեղասպանութեան գազանային նո՛ր ձեւակերպ` Ազրպէյճան կ՛ոչնչացնէ Այվազովսքիի յուշարձանը բռնագրաւեալ Արցախ հայաշխարհին մէջ:
Աշխարհի գեղանկարչական ժառանգութեան անքակտելի մաս կազմող ծովանկարիչ Յովհաննէս Այվազովսքիի յուշարձանի ոչնչացումը բռնագրաւեալ Արցախի մէջ կը հանդիսանայ հերթական անմարդկային գործելաոճը ազրպէյճանական ծաւալապաշտ իշխանութիւններուն` այս անգամ մշակութային ցեղասպանութեան հետեւողական եւ ծրագրաւորուած քաղաքականութեամբ:
Ազգովին կը հաւատանք, որ մշակութային ժառանգութիւնը ոչ միայն անցեալի վկայութիւնն է, այլեւ` ժողովուրդի ինքնութեան ու հոգեւոր դիմագիծի արտայայտութիւն: Յովհաննէս Այվազովսքի իր հրաշագեղ ծովանկարներով հիացուցած է համաշխարհային արուեստասէր հասարակութիւնն ու համամարդկային արուեստի մշակութասէր աշխարհը:
Այդ իսկ պատճառով Այվազովսքիի կիսանդրին քանդելը ուղղակի յարձակում եւ յանցագործութիւն է համամարդկային գեղանկարչական ու արուեստի մշակոյթին վրայ, եւ վստահաբար` դատապարտելի:
Բարբարոս Ազրպէյճանի անմարդկային ոտնձգութիւնները պէտք չէ անտեսուին քաղաքակիրթ աշխարհին կողմէ որեւէ ձեւով: Մշակոյթի այս սպանդը ոչ միայն անարգանք ու նախատինք է հայ ժողովուրդին ու անոր մշակոյթին նկատմամբ, այլեւ յստակ խախտում է միջազգային պայմանագրերու եւ համաձայնութիւններու, որոնք կ՛երաշխաւորեն մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութիւնը գողութիւններու, պատերազմներու եւ հակամարտութիւններու ժամանակ:
Ազգովին, միասնական ճակատով ու նոր չափանիշով կոչ պէտք է ուղղենք ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ին, Եւրոպայի խորհուրդին, ՄԱԿ-ի մշակոյթի եւ մարդկային իրաւունքներու հարցերով զբաղող հաստատութիւններուն, ինչպէս նաեւ աշխարհի բոլոր մշակութային եւ ակադեմական կեդրոններուն` խստօրէն դատապարտելու Արցախի մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման այս ահաւոր գործընթացը:
Անյապաղ միջոցներու ձեռնարկել` կանխելու համար բռնագրաւեալ տարածքներուն մէջ հայ մշակութային ժառանգութեան կանխամտածուած ու համակարգուած ոչնչացումը:
Այսպիսի եւ նմանօրինակ գործողութիւնները պէտք է դուրս բերուին քաղաքականութեան նեղ շրջանակէն եւ դիտարկուին որպէս ահաբեկչութիւն` մարդկային արժէքներու եւ քաղաքակրթական յիշողութեան դէմ: Մշակութային ժառանգութեան ոչնչացումը ցեղասպանական քաղաքականութեան մաս կը կազմէ եւ պէտք է արժանանայ միջազգային իրաւական դատապարտումին:
Այս եւ նման մշակութային կոթողներու վրայ յարձակումներն ու բնաջնջումները լռութեամբ չընդունելու ժամանակն է հիմա: Հայաստանի անժառանգ ու պատմութեան հաստաբուն կաղնին կացինահարող իշխանաւորները լուռ են ու անտարբեր` ի տես կատարուածին: Այո՛, մշակոյթը հայ ժողովուրդի գոյատեւումի գլխաւոր ազդակներէն մին է եւ ան պէտք է պաշտպանուի պետական բարձր մակարդակով:
Հայ նորահաս եւ ապագայ սերունդներու մշակութային իրաւունքները պաշտպանելու ժամանակն է այսօր, եւ հաւատացէք, որ վաղը շատ ուշ է…
Մենք արդարօրէն պէտք է պահանջենք աշխարհի քաղաքակիրթ կոչուած պետութիւններէն, որ արթննան իրենց թմբիրէն, կանխարգիլեն ու դատապարտեն ծաւալապաշտ ազերի իշխանաւորներու զազրելի եւ գարշահամ ախորժակները` կանխելու Արցախ հայաշխարհի մշակութային ժառանգութիւններու ցեղասպանութիւնը եւ պահանջելու ու իրագործելու բիւրաւոր արցախահայերու արժանապատիւ վերադարձը հազարամեակներու պատմական հայրենի տուն:
Յակոբ Ճանպազեան
Թորոնթօ