Մայիս 15-ին Պազելի մէջ տեղի ունեցաւ «Եւրատեսիլ 2025»-ի կիսաեզրափակիչ փուլը, որու ընթացքին մեր պատուիրակ Պարգը պայթեցուց Եւրատեսիլեան բեմը իր փայլուն ելոյթով։
Survivor-ը ճանապարհ բացաւ դէպի եզրափակիչ, որ տեղի պիտի ունենայ մայիս 17-ին, ուր Պարգը ելոյթ պիտի ունենայ 18 համարի ներքոյ։
«Եւրատեսիլ 2025»-ի եզրափակիչ փուլին կը մասնակցի 26 երկիր։