image

Այս պատերազմը ժամանակ պիտի պաահանջէ. Նաթանիահու

Այս պատերազմը ժամանակ  պիտի պաահանջէ. Նաթանիահու

Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուն յայտարարած է, որ երկիրը կը սկսի «երկար եւ բարդ պատերազմ» այն բանէն ետք, երբ շրջափակուած Կազայի հատուածէն պաղեստինցի զինեալներու անսպասելի յարձակումը յանգեցուցած է հարիւրաւոր զոհերու, տասնեակ իսրայէլցի պատանդներու:

Նաթանիահուն ըսած է, որ զինուորականները պիտի օգտագործեն իրենց ողջ ուժը՝ ոչնչացնելու ՀԱՄԱՍ-ի հնարաւորութիւնները եւ «վրէժ լուծելու այս սեւ օրուան համար»:

Բայց ան նաեւ զգուշացուցած է. «Այս պատերազմը ժամանակ կը պահանջէ: Դժուար պիտի ըլլայ»։

«Բոլոր այն վայրերը, ուր ՀԱՄԱՍ-ը կը թաքնուի, կը գործէ՝ պիտի վերածենք փլատակներու»,- աւելցուցած է ան։ 

Կիրակի վաղ առաւօտեան Նեթանիահուն X-ի էջին գրած է, որ հակագործողութեան «առաջին փուլ»ը աւարտած է, եւ որ Իսրայէլը պայքարած է ՀԱՄԱՍ-ի զինեալներու մեծամասնութեան դէմ իր տարածքին մէջ: Ան խոստացած է շարունակել յարձակումը «առանց վերապահումներու եւ առանց դադարի»։

Կիրակի վաղ առաւօտեան իսրայէլեան զինուորականները յայտարարած են, որ իրենց ուժերը դեռ կը պայքարին ութ վայրերու մէջ ՀԱՄԱՍ-ի զինեալներու ներխուժման դէմ: 

Իսրայէլը Կազայի մէջ 426 թիրախ խոցած է գիշերը: Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակը յայտնած է, որ ահռելի պայթումներու հետեւանքով հողին հաւասարեցուած են բնակելի շէնքեր, այդ շարքին՝ 14 յարկանի աշտարակ, ուր կային տասնեակ բնակարաններ, ինչպէս նաեւ ՀԱՄԱՍ-ի գրասենեակներ Կազայի կեդրոնին մէջ: