Այս իշխանութիւնները խնդիր չունէին բացայայտելու «Մարտի 1»-ը, իրենք խնդիր ունէին ամէն գնով ձերբակալելու հայրս: Այս մասին, այսօր՝ 2 մարտին, բողոքի երթի ժամանակ լրագրողներու հետ զրոյցին ըսաւ ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոպէրթ Քոչարեանի որդին՝ Լեւոն Քոչարեան:
«Եթէ կը յիշէք վարչապետի, ԱԱԾ պետի ու ՀՔԾ պետի հեռախօսազրոյցները: Այսինքն նպատակը ամէն գնով հօրս վարկաբեկելն էր, կալանքի տակ պահելն էր, նաեւ բանակը վարկաբեկելն էր՝ Խչտուրովը, Սէյրան Օհանեանը: Ցոյց տալու, որ տեսէք՝ բանակին բերած, կրակած են ձեր վրայ, որ բացարձակ սուտ է»,-ըսաւ ան:
Ան հարցին, թէ երբ կը տեսնենք Ռոպէրթ Քոչարեանը ընդդիմութեան հարթակին վրայ, Լեւոն Քոչարեան պատասխանեց. «Եթէ հարթակ բարձրանալու խնդիր ըլլար... այսինքն երբ որ ըլլայ, կը տեսնէք: Այս պահուն նման խնդիր չկայ դրուած: Ինքն իր աջակցութիւնը յայտնած է շարժման եւ կոչ ըրած է իր համախոհներուն աջակցիլ, սատարել: Ես ինքս, որպէս քաղաքացի, կը մասնակցիմ բոլոր երթերուն, հանրահաւաքներուն իմ ընկերներու եւ մեր աջակիցներուն հետ միասին»: