image

Այնթապցի Պալապան Խոճայի կեանքն ու կենսագրական գիծերը

Այնթապցի Պալապան Խոճայի կեանքն ու կենսագրական գիծերը

ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ

 

Նախաձեռնութեամբ Սան Ֆրանսիսքոյի Համազգայինի «Ն. Աղբալեան» մասնաճիւղին, մեր օրերու արդիական զումի միջոցով տեղի ունեցաւ ձեռնարկ մը, որուն ընթացքին ներկայացուեցան Պալապան Խոճայի կեանքն ու գործունէութիւնը:

 

Բացումը կատարեց վարչութեան անդամներէն Նելլի Տէր Կիւրեղեանը, որ հրաւիրեց վարչութեան անդամներէն Էտուարտ Խոտավերտեանը` ներկայացնելու օրուան բանախօսը` Պալապան Խոճայի թոռնիկը` տոքթ. Րաֆֆի Պալապանեանը, որպէսզի խօսի մեծ հօր կեանքին ու գործունէութեան մասին:

 

Ան ներկայացնելով տոքթ. Պալապանեանը` ըսաւ. «Տոքթ. Րաֆֆի Պալապանեան ծնած է Հալէպ, այնթապցի ընտանիքի մէջ: Հայրը` Սարգիս Պալապանեան, որդին է Պալապան Խոճային, իսկ մայրը այնթապցի Էօժենի Ստեփանեանն էր: Ան ամուսնացած է Նորա Նազարեանին հետ, դուստրը` այնթապցի տոքթ. եւ տիկին Յարութիւն եւ Վեհանուշ Նազարեաններուն: Տոքթ. Պալապանեան յաճախած է Հալէպի Հայկազեան նախակրթարանը` ապա, 1964-1970-ին «Ալեփփօ» քոլեճը: Հհամալսարանական ուսումը ստացած է Դամասկոսի համալսարանէն, ուրկէ շրջանաւարտ եղած է 1976-ին` որպէս վիրաբուժ ատամնաբուժ: Մասնագիտութիւնը ստացածած է UCLA-ի մէջ, 1987-1988-ին: 2011-ին Academy of General Dentistry-էն ստացած է մագիստրոսի տիտղոսը: 1992-էն ի վեր կը զբաղի ատամնաբուժութեամբ իր անձնական դարմանատան մէջ: Ան գործունեայ անդամ եղած է` ծառայելով ազգային, հասարակական, եկեղեցական տարբեր հաստատութիւններու մէջ, նախ Միջին Արեւելքի, ապա` Միացեալ Նահանգներու մէջ: Ներկայիս հոգաբարձութեան անդամ է Սան Ֆրանսիսքոյի Հայ աւետարանական եկեղեցիին: Անդամ է նաեւ Armenian Missionary Association of America-ի վարչութեան»:


Տոքթ. Րաֆֆի Պալապանեան


Սերունդի մը վերապրումը Այնթապի մէջ, մեծ հօրս` Պալապան խոճայի աչքերով դիտուած

 

Տոքթ. Րաֆֆի Պալապանեան սկսաւ իր խօսքը ըսելով. «Խոճա ըսել է ուսուցիչ, ան եղած է աւելի քան կէս դար ուսուցիչ, մարդիկ զինք կը ճանչնան իբրեւ Պալապան Խոճա եւ ոչ թէ` Սարգիս Պալապանեան:

 

Ան ծնած է 1882-ին Այնթապի մէջ եւ ապրած է մինչեւ 1963:

 

Անոր առաջին հայերէն հատորը հրատարակուեցաւ Հալէպի մէջ, 1983-ին, իսկ անգլերէն թարգմանութիւնը` 2019-ին, Լոս Անճելըս: Ան նախաբանին մէջ կ՛ըսէ. «Հասեր եմ կեանքիս աշունին. կը զգամ, թէ տառապանքով, զրկանքով, ցաւով ու մահուան դէմ պայքարելով շահուած կեանքիս պատմութիւնը, որ արիւնի եւ սպանդի անվերջ շարան մըն է, իմ սերունդին ալ խաչելութեամբը, պարտք մըն է, զոր պէտք է աւանդ թողեմ երիտասարդ ու նոր սերունդին: Յիշէ, թէ դուն կը պատկանիս ազգի մը, որ ունի անցեալ, մշակոյթ եւ հաւատք»:

 

Ապա տոքթ. Պալապանեան մանրամասնօրէն խօսեցաւ Այնթապի, Խոճա Պալապանի ու Այնթապի հերոսամարտի մասին:

 

Ըստ 1913-ի մարդահամարին, Այնթապի հայութեան թիւը եղած է 36.000, բայց, ըստ «Նուֆուս տայիրէ»-ի պետ Նաճիպ էֆենտիին` 42.000 հայեր տարագրուած են Այնթապէն, եւ մօտ 2000 հայեր Այնթապ մնացած` տարագրութեան շրջանին: Ուրեմն Այնթապի հայութեան թիւը պէտք է ըլլայ շուրջ 45.000, իսկ թուրքերուն թիւը` շուրջ 60.000:

 

Այնթապի կրթական հաստատութիւններն էին` Ամերիկեան քոլեճ, Կիլիկեան ճեմարան, Աթենական բարձրագոյն վարժարան, Ներսէսեան, Վարդանեան, Հայկազեան տղոց նախակրթարաններ, Հայկանուշեան, Կրթասիրաց աղջկանց նախակրթարանները, Ուսումնասիրաց վարժարան, Հայ աւետարանական Նիզիպլեան եւ Քիւրքճեան նախակրթարաններ, Ֆրանչիսքեան լատիններու դպրոց, տասնեակ մը թաղային ծաղկոցներ եւ երկու մանկապարտէզ:

 

Այնթապ ունեցած է կրթական հաստատութիւններու մեծ ցանց մը: Այնթապ Կիլիկիոյ կրթական օճախն էր: Կիլիկիոյ Աթէնքն էր, որ Փոքր Հայքի եւ Կիլիկիոյ հայութիւնը կրթելու նախասահմանուած էր:

 

Այնթապի 40.000 հայութիւնը ունէր 6-7000 ուսանողներ:

 

Այնթապի 60.000 թուրքերը ունէին միայն 2000 ուսանողներ:

 

Ապա տոքթ. Պալապանեան խօսելով իր մեծ հօր` Խոճա Պալապանի մասին ըսաւ. «1891-ին Պալապան Խոճան կը կորսնցնէ իր հայրը, երբ ինը տարեկան էր: Հօրմէն կը ժառանգէ երկու բան` ուշիմութիւն եւ աղքատութիւն: Մայրը, ստիպուած, զինք դպրոցէն կը հանէ եւ ջուլհակի քով աշխատանքի կը դնէ: Իր ուսուցիչները զինք կը գտնեն եւ մայրը կը համոզեն, որ դպրոց վերադառնայ. Ան կ՛ըսէ. «Խոր երախտագիտութեամբ եւ ակնածանքով կը յիշեմ ուսուցիչներէս` Կարապետ Քէթէնճեանը, Եղիա Քասունին, Զաքարիա Պետրոսեանը, Մովսէս Իփեճեանը, Աբրահամ Պէրպէրեանը եւ Ճեսի Մաթոսեանը. ասոնք էին, որ իմաստ տուին կեանքիս»: Իսկական հայ ուսուցիչի տիպար մը:

 

Տարին` 1895, օրը` նոյեմբեր 15: Համիտեան ջարդերը կը հասնին Այնթապ, թուրք խուժանը կը հասնի տուն` սուրերով ու հրացաններով զինուած, կը վիրաւորեն պատանի Սարգիս Պալապանեանը ու կը հեռանան միայն այն ժամանակ, երբ կը կարծեն, որ ան մեռած է: Թուրք զինուոր մը կը գթայ իր վրայ ու զինք շալկելով` կը տանի Ամերիկեան հիւանդանոց: Չորս ամիս կը մնայ հիւանդանոց` վայելելով տոքթ. Շեփըրտի գուրգուրանքն ու խնամքը:

 

Քոլեճական տարիները կ՛անցնին թշուառութեան մէջ: Երկու շատ մտերիմ բարեկամներ` Յովհաննէս էֆենտի Լեւոնեանի որդին` Լեւոն Լեւոնեանը, եւ Յակոբ Թաւուքճեան, հետագային` տէր Ներսէս Թաւուքճեանը, կը հասնին իրեն օգնութեան:

 

1902-ին տոքթ. Մերիլ` Ամերիկեան քոլեճի նախագահը, զինք կ՛ուղարկէ Քեսապ` իբրեւ ուսուցիչ: Այդ տարիներուն Քեսապի մէջ գտնուող բոլոր ուսուցիչներն ալ այնթապցիներ էին. Գալատուրանի մէջ` Սամուէլ Վարժապետեան, Էքիզոլուքի եւ Քէօրքիւնէի մէջ` Պալապան Խոճա, իսկ  Քեսապի այլ շրջաններու մէջ` Յակոբ Շնորհոքեան, Եագուպ Միսիրեան եւ Յովսէփ Թիթոյեան:

 

Պալապան Խոճա 1904-ին կը վերադառնայ Այնթապ եւ 1907-ին կ՛աւարտէ Ամերիկեան քոլեճը:

 

1906-ին Լեւոն Լեւոնեանին հետ կը հիմնեն Ուսումնասիրաց միութիւնը, նշանաբան ունենալով` «Սիրել ու ծառայել» խորհուրդը:

 

Պալապան Խոճա լսարաններ կազմակերպեց 14 տարիներ Այնթապի եւ 16 տարիներ ալ Հալէպի մէջ: Ան զբաղեցաւ ոչ միայն իր աշակերտներուն դաստիարակութեամբ` 1902-1956, աւելի քան կէս դար: Ան 30 տարի լսարաններու մէջ խօսեցաւ հայ աշխատաւոր զանգուածներուն` անոնց գիտելիքներուն մակարդակը բարձրացնելու համար, տալով անոնց քաղաքական լուրեր, ազգային գաղափարական ու կրօնական դասախօսութիւններ: Ան թուաբանագէտ մըն էր եւ հեղինակած էր թուաբանութեան դասագիրքեր` մանկապարտէզէն մինչեւ 6-րդ կարգ: Ան դաստիարակ մըն էր:

 

 

1913-ին կը միանայ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան:

 

1915-ին գաղթականներու կարաւաններ կը հասնին Այնթապ` Կեսարիայէն, Սեբաստիայէն եւ Կիւրիւնէն: Անոնց խեղճ վիճակին չի դիմանար, եւ նոր առաքելութիւն մը կը սկսին երեք ընկերներով, Արմենակ Պչաքճեանի եւ Յարութիւն Տարաքճեանի հետ` ազատել այն երեխաները, որոնց ծնողները սպաննուած են եւ աւելի ապահով ընտանիքներու քով կամ Ամերիկեան որբանոց զետեղել:

 

Ինքն ալ կը տարագրուի դէպի Տէր Զօր: Շատ ցաւալի մանրամասնութիւններով կը պատմէ այդ դժուար ճանապարհը: Երբ Տէր Զօր կը հասնի, կ՛որոշէ փախչիլ, անապատին մէջ միակ կողմնացոյցը հիւսիսային աստղն էր, ուղղութիւնը` դէպի Հալէպ. մեծ արկածախնդրութիւններով կը հասնի Հալէպ:

 

Տարին` 1918: Թուրքերը կը կորսնցնեն Ա. Համաշխարհային պատերազմը: Նոյեմբեր 2-ին անգլիական բանակը կը մտնէ Հալէպ քաղաքը. Պալապան Խոճան կամաւոր կ՛արձանագրուի  անգլիական բանակին մէջ: Ան քալելով կը ղրկուի Այնթապ, որ երկու օրուան ճանապարհ մըն էր, իր առաքելութիւնն էր լրտեսել օսմանեան ուժերու կեդրոնացումները:

 

12 դեկտեմբեր 1918-ին անգլիական բանակը կը մտնէ Այնթապ: Հայերը կը վերադառնան եւ կը սկսին վերաշինել իրենց քանդուած տուները: «Ցանկամ տեսնել զիմ Կիլիկիա» ամէն մարդու բերանն էր: Բայց ուրախութիւնը երկար չի տեւեր: Քեմալական ուժերը կը զօրանան եւ մտահոգութիւններ կը պատճառեն հայերուն: Ժողովրդային հաւաք կը կազմակերպուի բողոքականներու եկեղեցիին մէջ, միակ շէնքը, ուր 2000-էն աւելի ժողովուրդ կրնար ընդունիլ: Միաձայնութեամբ կ՛որոշեն չգաղթել եւ ինքնապաշտպանութեան դիմել:

 

Կազմակերպութեան գործերը եւ առաջնորդութիւնը կը յանձնուի Ատուր Լեւոնեանին, տէր Մովսէս Թաւուքճեանին եւ Աւետիս Գալեմքեարեանին: Պատնէշներ կը կառուցուին, զինագործ վարպետներ կը պատրաստեն զինամթերք եւ նոյնիսկ` թնդանօթներ: Քաղաքը կը բաժնեն 11 զինուորական բաժիններու եւ երկուքական խմբապետներ կ՛որոշեն իւրաքանչիւր բաժնի համար:

 

Պալապան Խոճան եւ Շէօհմելեան կը նշանակուին 11-րդ բաժինի պատասխանատու:

 

Կազմուած յանձնախումբերն են` պարենաւորման, քաղաքապետական, դատական, վառելանիւթի, բանակցութիւններու, սուրհանդակ խումբերու, լքեալ գոյքերու եւ հրշէջ, ինչպէս նաեւ` ոստիկանապետութիւն:

 

Կռիւները կը սկսին 1 ապրիլ 1920-ին: Հետաքրքրական է Շէյխ Ճամիսիի մզկիթի գրաւումը եւ մինարէին վար առնուիլը: Այնթապի ինքնապաշտպանութեան գոյամարտը տեւեց 11 ամիս: Թուրքերը տուին 8000 մեռեալ եւ 3000 վիրաւոր, իսկ հայերը` 66 նահատակներ:

 

Սակայն ֆրանսացի դիւանագէտ Ֆրանքլին Պույոն կը ծախէ Կիլիկիան: Ան կը ստորագրէ Անգարայի համաձայնագիրը, 1921-ին, արտօնելով քեմալական կառավարութեան` գրաւել Կիլիկիան, փոխարէն, ֆրանսական ընկերութիւնները իրաւունք կը ստանան թրքական հանքերը օգտագործելու:

 

Հայերը մնացին անտէր ու անտիրական: Անգամ մը եւս կարաւանները կը սկսին գաղթել դէպի Հալէպ քաղաք: Նոր փուլ կը սկսի Հալէպի մէջ, ու հայերը կը շինեն եկեղեցի եւ դպրոց:

 

Ահաւասիկ կարճ ակնարկ մը` Պալապան Խոճայի ինքնակենսագրութենէն, ուր կը տեսնենք մարդ մը, որ էր` «դաստիարակ, ազատարար, վերապրող մը», եւ որ մեզի կ՛ըսէ. «Յիշէ, թէ դուն կը պատկանիս ազգի մը, որ ունի անցեալ, մշակոյթ եւ ՀԱՒԱՏՔ»:

ԱԶԴԱԿ