image

Ոչ եւս է մտաւորական, խմբագիր՝ Սարգիս Նաճարեան (Կենսագրական գիծեր) 

Ոչ եւս է մտաւորական, խմբագիր՝ Սարգիս Նաճարեան (Կենսագրական գիծեր) 

Պէյրութի մէջ իր մահկանացուն կնքած է լրագրող, խմբագիր, հասարակական գործիչ՝ Սարգիս Նաճարեան։ Այդ մասին «Արեւելք» տեղեկացուցած էր երէկ, յայտնելով իր ցաւակցութիւնները  Հայ Կաթողիկէ համայնքին, ՍԴՀԿ մամլոյ ընտանիքին, ինչպէս նաեւ ընտանեկան պարագաներուն ու գաղափարի ընկերներուն։

Ստորեւ հանգուցեալի կենսագրական գիծերը.-

Սարգիս Անմահունի Նաճարեան ծնած է 22 Նոյեմբեր 1937-ին, Պէյրութ, մտաւորականներու ընտանիքի մը մէջ։ Հայրը՝ Միհրան, ծնեալ Տիգրանակերտ, ասպարէզով դեղագործ եւ դեղարանատէր ըլլալով հանդերձ, եղած է ականաւոր ազգային-քաղաքական եւ հասարակական գործիչ (Հնչակեան ձեռնադրուած է Տիգրանակերտի մէջ, մեծանուն յեղափոխական Փարամազի ձեռամբ)։ 1913-1920 Հալէպի ու Պէյրութի մէջ օրուան իշխանութիւններուն կողմէ հալածուած է իբրեւ “խռովարար”)։ Եղած է գրող, հրապարակախօս-հրապարակագիր, լրագրող-խմբագիր եւ հրատարակիչ։ Ան 1913-էն սկսեալ Հալէպի եւ Պէյրութի մէջ հրատարակած եւ խմբագրած է բազմաթիւ պարբերականներ («ԱՂԲԻՒՐ» պարբերաթերթ՝ 1913-ին Հալէպ, «ԺՊԻՏ» երգիծաթերթ՝ 1927-ին Պէյրութ, «ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԳՐՊԱՆԻ ՏԱՐԵՑՈՅՑ»՝ 1933-ին Պէյրութ, «ՍԱՀԱԿ ՄԵՍՐՈՊ» ամսաթերթ՝ 1927-1937-ին Պէյրութ, «ԼԻԲԱՆԱՆ» քաղաքական թերթի պատասխանատու խմբագիր 1924-1934-ին Պէյրութ, «ԱՐԱՐԱՏ» օրաթերթի պատասխանատու խմբագիր 1956-1960-ին, Պէյրութ)։

Մայրը՝ Արշալոյս եղած է Լիբանանի Դպրոցասէր Կանանց Միութեան ատենապետուհի։

Աւարտելէ ետք Յիսուսեան Հայրերու Սբ. Գրիգոր Լուսաւորիչ Ճեմարանը, Սարգիս իր ուսումը կը շարունակէ International High Institude (IHI) արհեստագիտական վարժարանին մէջ (վարչարարութիւն եւ հաշուապահութիւն) եւ ֆրանսական Ecole Superieure des Lettres-ի մէջ (ֆրանսերէն լեզու եւ ֆրանսական գրականութիւն)։ Մինչ այդ, հայերէնագիտական իր գիտելիքները կը զարգացնէ առաջնորդութեամբ ականաւոր հայերէնագէտներու՝ նախ իր հօր, ապա նաեւ հրապարակագիր եւ պատմաբան Վազգէն Այգունիի (Գէորգ Պաղճեան), Հայր Վարդան վրդ. Թէքէեանի, Հայր Մեսրոպ Վրդ. Թերզեանի (քրիստոնէական դաստիարակութիւն), Թարգմանիչ Հայր Սահակ Քէշիշեանի, գրականագէտ, բանաստեղծ եւ խմբագիր Հրաչ Քաջարենցի, ծիսագէտ, բանասէր, հրապարակագիր Հայր Անդրանիկ վրդ. Կռանեանի։ Հայրը՝ կեանքի վերջին երեք տասնամեակին տեսողութիւնը գրեթէ կորսնցուցած ըլլալով, Սարգիսին գրել տուած է իր գրութիւնները, իւրաքանչիւր գրառումը դարձնելով ազգային դաստիարակութեան եւ հայագիտութեան դասապահ մը։ Երաժշտական կազմաւորում ստացած է (Trompette եւ Batterie) Music and Art Teaching Center-ին մէջ։

 

ԼՐԱԳՐՈՂ-ԽՄԲԱԳԻՐԸ ԵՒ ՀՐԱՊԱՐԱԿԱԳԻՐԸ

1957-ին Սարգիս մուտք կը գործէ լրագրութեան ասպարէզ, եւ աստիճանաբար անդամ կը դառնայ Լիբանանի լրագրող-խմբագիրներու Կարգին, Լիբանանի Մամուլի Կարգին, Արաբ Լրագրողներու Դաշնակցութեան, Լրագրողներու Միջազգային Դաշնակցութեան, Հայաստանի Լրագրողներու Միութեան։

1957-էն սկսեալ եւ մինչեւ 2003 անընդմէջ, Սարգիս Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան «ԱՐԱՐԱՏ» քաղաքական օրաթերթին մէջ կը վարէ հետեւեալ պաշտօնները թարգմանիչ, սրբագրիչ, թղթակից, մարզական խմբագիր, քաղաքական լրատուութեան բաժնի խմբագիր, վարիչ խմբագիր եւ պատասխանատու խմբագիր։ Հիմնադիր-խմբագիրներէն է Հ.Մ.Մ.ին կողմէ հոովանաւորուած «ԱՐԱՐԱՏ-ՄԱՐԶԱԿԱՆ» շաբաթաթերթին։

Զուգահեռաբար՝

1960-1972 կ’աշխատակցի «ՆՈՐ ԿԵԱՆՔ» շաբաթաթերթին։

1965-1974 քաղաքական լրատուութեան բաժնի խմբագիր «ԱՅԳ» օրաթերթին, որուն սեփականատէր-տնօրէնն էր լիբանանցի ականաւոր լրագրող, նախարար եւ պետական երեսփոխան, Le Soir ֆրանսատառ օրաթերթի տէր եւ տնօրէն Տիգրան Թոսպաթ։ ԱՅԳը Լիբանանի միակ ոչ-կուսակցական օրաթերթն էր (Պատասխանատու խմբագիր՝ Լիւսի Թոսպաթ)։

1970-էն սկսեալ կ’աշխատակցի Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան «ՄԱՍԻՍ» քաղաքական շաբաթաթերթին եւ «ԱՒԵՏԻՔ» պարբերաթերթին։ Կը նշանակուի անդամ «ՄԱՍԻՍ»ի խմբագրութեան եւ 2005-էն 2024՝ խմբագիր եւ պատասխանատու տնօրէն։

2003-2007, պատասխանատու խմբագիր Զմմառու Հայ Կաթողիկէ Միաբանութեան դպրեվանքի «ԿԱՆՉ ՀՐԵՇՏԱԿԱՊԵՏԻՆ» պարբերականին եւ միեւնոյն տարիներուն լրագրութիւն կը դասաւանդէ Զմմառու դպրեվանքի սաներուն։

2003-ին անդամ կը նշանակուի «Tele Lumiere» պատկերասփիւռի կայանէն՝ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան հովանաւորութեամբ սփռուած ԼՈՒՍԱՄՈՒՏ շաբաթական հաղորդաշարի խմբագրութեան եւ գործօն մասնակցութիւն կը բերէ յայտագիրներու կազմութեան եւ սփռումներուն։

Իբրեւ լրագրող կը մասնակցի բազմաթիւ համագումարներու եւ խորհրդաժողովներու, մասնաւորաբար Հայաստանի մէջ։ Մասնակցած է եւ ելոյթ ունեցած Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան կողմէ կազմակերպուած լրագրողներու համահայկական վեց համաժողովներուն։ Վեցերորդին, որ գումարուած է 2012-ի 4-6 Հոկտեմբերին Երեւանի եւ Աղաւնաձորի մէջ, փոխանցած է Ամենապատիւ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Հոգեւոր Տիրոջ ողջոյնի խօսքը։

Իբրեւ հրապարակախօս՝ ճառախօսելու կամ բանախօսելու կը հրաւիրուի Լիբանանի եւ Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցած համազգային տօնակատարութիւններու։ Ելոյթները լոյս կը տեսնեն լիբանանահայ մամուլին մէջ։

 

ՀԱՍԱՐԱԿԱԿԱՆ ԳՈՐԾԻՉԸ

1953-ին անդամ Հայ Կաթողիկէ Երիտասարդական Միութեան (ՀԿԵՄ), 1966-ին՝ Հայ Կաթողիկէ Ակումբին, 1970-ին՝ Հայ Կաթողիկէ Միութեան (Հ.Կ.Մ.)։ Յետագային կը մասնակցի այս միութեան ծրագիր-կանոնագրի մշակումին Հայր Անդրանիկ վրդ. Կռանեանին հետ եւ կը խմբագրէ զայն։

1980-1984 Զալքայի Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Խաչ Եկեղեցւոյ Հովուական Խորհուրդի ատենապետ։ 1984-ին, Յովհաննէս-Պետրոս ԺԸ. Գասպարեան Կաթողիկոս-Պատրիարքին հրաւէրով կը հիմնէ Հայ Կաթողիկէ Միութեան Զալքայի մասնաճիւղը, որուն ատենապետութիւնը կը վարէ մինչեւ 1989։

Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութիւնը, Հայ Կաթողիկէ Միութիւնը եւ Հայ Կաթողիկէ համայնքը ներկայացուցած է համազգային յանձնախումբերու մէջ, որոնք կազմուած են զանազան առիթներով։

Իբրեւ ներկայացուցիչ Հայ կաթողիկէ համայնքի, մասնակցած է Սփիւռքի հայկական գեղարուեստական խումբերու առաջին փառատօնի կազմակերպումին 1984-ին, Երեւանի մէջ, Սփիւռքի Հետ Մշակութային Կապի Կոմիտէի Նախագահ Վարդգէս Համազասպեանի հրաւէրով։

Եղած է Հայաստանի 1988-ի պատմական երկրաշարժի աղէտեալներու օգնութեան լիբանանահայ յանձնախումբի փոխ նախագահ եւ կազմակերպած է Գասպարեան Կաթողիկոս Պատրիարքին Հայաստանի աղէտի գօտի եւ Սուրբ Էջմիածին պատմական այցելութիւնը եւ ուղեկցած է Հոգեւոր Տիրոջ։

Մաս կազմած է զանազան պաշտօնական առիթներով եւ մասնաւորաբար Հայաստան-Սփիւռք խորհրդաժողովներուն առիթով Հայաստան մեկնած հայ կաթողիկէ պատուիրակութիւններուն։

19-20 Սեպտեմբեր 2011-ին, նախագահ Սերժ Սարգսեանի բարձր հովանաւորութեան տակ եւ 500 պատուիրակներու մասնակցութեամբ կայացած համահայկական խորհրդաժողովին իր ունեցած ելոյթին մէջ, Սարգիս շեշտը դրած է նորահաս սերունդներու ամենավաղ մանկութենէն քրիստոնէական դաստիարակութիւն ջամբելու անհրաժեշտութեան վրայ, զանոնք զերծ պահելու համար աղանդներու աղիտալի ազդեցութենէն։

Մասնակցած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ երկու Պատրիարքական համագումարներուն, որոնք տեղի ունեցան Զմմառու վանքին մէջ, 8-12 Հոկտեմբեր 1997-ին եւ 22-23 Յուլիս 2007-ին։ Ա. Համագումարին ուսումնասիրութիւն մը ներկայացուցած է «Համայնքային պատկանելիութիւն եւ տոհմային ինքնութիւն» նիւթին շուրջ։ Մասնակցած է զոյգ համագումարներու կազմակերպչական աշխատանքներուն եւ վարած է քարոզչական աշխատանքը ու խմբագրած եզրափակիչ հաղորդագրութիւնները։

2000-էն սկսեալ մասնակցած է Ամենապատիւ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքին կողմէ հրաւիրուած՝ խորհրդակցական գերագոյն խորհուրդի ժողովներուն։ Խորհրդատուն եղած է Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան՝ մասնաւորաբար համահայկական եւ խմբագրական հարցերուն կապակցութեամ, ինչպէս նաեւ անդամ՝ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան ընկերային հաղորդամիջոցներու գրասենեակին եւ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի կեդրոնի վարչութիւններուն։

Ուղեկցած է երջանկայիշատակ Հոգեւոր Տիրոջ՝ Աւստրալիա կատարած հովուական այցելութեան ընթացքին, 2004-ի 3-10 Մարտին։

1981-1988 եղած է Լիբանանի Հայ Մարմնամարզական Միութեան (Հ.Մ.Մ.) Ատենապետ։ Նախագահած է այս միութեան անդամական եւ պատգամաւորական ժողովներուն։

1989-2005 տնօրէն Հայկական Կրթական Բարեսիրական Միութեան (Հ.Կ.Բ.Մ) Ընկերային-Բժշկական Կեդրոններուն։

 

ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒՄՆԵՐ ԵՒ ԳՆԱՀԱՏԱԳՐԵՐ

Պարգեւատրուած է բազմաթիւ գնահատագրերով եւ մասնաւորաբար 21 Նոյեմբեր 2010-ին՝ Լիբանանեան Մամուլի Կարգի «Ի ԽՆԴԻՐ ԽՕՍՔԻ ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ» յուշատախտակով՝ իր լրագրական գործունէութեան յիսնամեակին առիթով։

12 Յուլիս 2000-ին, Հայաստանի Հիւսիսային Համալսարանէն ստացած է «Պրոֆեսորի Գիտական Կոչում» դասախօսելէ ետք լրագրութեան աւարտական դասարաններու ուսանողներուն։

2004-ի Յուլիսի 16-ին պարգեւատրուած է Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան ՍԲ. ՄԵՍՐՈՊ շքանշանով։

21 Նոյեմբեր 2010-ին, իր լրագրական եւ հասարակական գործունէութեան յիսնամեակին, ինչպէս նաեւ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ հատորի հրատարակութեան առիթով տեղի ունեցած յոբելենական հանդիսութեան ընթացքին պարգեւատրուած է Ամենապատիւ Տէր Ներսէս-Պետրոս ԺԹ. Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքին Կոնդակով։

26 Յունուար 2013-ին Սբ. Գրիգոր Լուսաւորիչ-Սբ. Եղիա աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած հանդիսաւոր արարողութեամբ, Ներսէս Պետրս ԺԹ. Հոգեւոր Տիրոջ ձեռամբ պարգեւատրուած է Բենեդիկտոս ԺԶ. Պապին կողմէ իրեն շնորհուած ՄԵԾՆ ՍՈՒՐԲ ԳՐԻԳՈՐԻ ԱՍՊԵՏ-ի քահանայապետական շքանշանով։

17 Յուլիս 2014-ին պարգեւատրուած է Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի նախարարութեան «ՎԻԼՅԱՄ ՍԱՐՈՅԱՆ» մետալով։

21 Սեպտեմբեր 2014-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահական Պալատին մէջ հանդիսաւորապէս պարգեւատրուած է ՄՈՎՍԷՍ ԽՈՐԵՆԱՑԻ նախագահական շքանշանով։

3 Յուլիս 2015-ին՝ Լիբանանի Կաթողիկէ Հաղորդամիջոցներու Կեդրոնին կողմէ պարգեւատրուած է Մարոնիթներու Պատրիարք Կարդինալ Պշարա Ռաիի ձեռամբ Casino Du Liban-ի Salle des Ambassadeur-ին մէջ, մեծաշուք հանդիսութեան մը ընթացքին, լիբանանցի հինգ լրագրողներու հետ։

30 Յունիս 2017-ին, Հայաստանի Ժուռնալիստներու Միութեան նախագահ Աստղիկ Գէորգեանին ձեռամբ, Սփիւռքի նախարարութեան դահլիճին մէջ, պարգեւատրուած է Միութեան «Հաւատարիմ Մասնագիտութեանը» մետալով։

Հեղինակ է վեց գիրքերու՝ «ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ» (2010), «ՀՌԻՓՍԻՄԵԱՆՑ» (2015), «ՖՐԱՆՉԻՍԿՈՍ – ԱՂՕԹԵՑԷՔ ԻՆԾԻ ՀԱՄԱՐ» (2017,) «ՊԱՏՆԷՇԻ ՎՐԱՅ» (2020), «ԿՐԹԱԿԱՆ ՄՏՈՐՈՒՄՆԵՐ» (2023), «ԿԱՐԴԻՆԱԼ ԳՐԻԳՈՐ ՊԵՏՐՈՍ ԺԵ․ ԱՂԱՃԱՆԵԱՆ՝ ԵՐԱՆԱՑՄԱՆ ՃԱՆԱՊԱՐՀԻՆ (2023)։ Անտիպ՝ «ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ, ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ, ԱՂՔԱՏՆԵՐՈՒ եւ ՓԱԽՍՏԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՅԱՌԱՋԱՄԱՐՏԻԿ՝ ՖՐԱՆՉԻՍԿՈՍ ՊԱՊԸ »։

 

ԸՆՏԱՆԻՔԻ ՀԱՅՐԸ

Սարգիս Նաճարեան՝ լրագրող-խմբագիր, հրապարակագիր-հրապարակախօս եւ հասարակական գործիչը եղած է նաեւ աւանդապահ քրիստոնեայ եւ հայ ընտանիքի հայր։ Արդարեւ, 1966-ին ամուսնացած է Զուարթ Թելեանին հետ, որ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն եղած է Catholic Relief Services ամերիկեան բարեսիրական կազմակերպութեան Լիբանանի մասնաճիւղի ծրագիրներու բաժնի վարիչ, ապա՝ տնօրէն (1977-1994), Ճինիշեան Յիշատակի Ձեռնարկի Լիբանանի Խորհրդատու Մարմնի (Beirut Advisory Committee) անդամ, ապա ատենապետ (1992-2000) եւ 1996-ին Կիւմրիի մէջ հիմնած է Caritas Armenia-ն (Հայկական Կարիտաս), որուն իբրեւ խորհրդատու կը շարունակէ ծառայել ցայսօր։ Ապա ինը տարի (1998-2007) եղած է տնօրէն Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան Գէորգ Հարպոյեան Վարժարանի։

Ունին մանչ զաւակ մը, Միհրան, որ 2004-ին ամուսնացած է դեղագործուհի Ժոէլ Ղապրոյին հետ։ Ունին երկու թոռներ՝ Փաթիլ եւ Սարգիս։ Միհրան Administration Economique et Sociale-ի (AES) կրթութիւնը ստացած է Ֆրանսա։ Լիբանան վերադառնալով եղած է Հայ Կաթողիկէ Համալսարանականներու Միութեան ատենապետ։ Սեփականատէրերէն մէկը եւ տնօրէնն է սննդանիւթերու ընկերութեան մը։