image

Այնճարին օգնելու ծրագիր. Հանգանակուած է 100 միլիոն լիբանանեան ոսկի

 Այնճարին օգնելու ծրագիր. Հանգանակուած է 100 միլիոն  լիբանանեան ոսկի

 Օրերս խումբ մը Այնճարցի հայրենակիցներ արշաւի մը նախաձեռնած են հասնելու համար իրենց բնօրրանին մէջ ապրող հայրենակիցներու օժանդակութեան։ 

 

 Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ ԱՄՆ-ի մեր աղբիւրներէն։

 

 Կը նշուի նաեւ, որ օրերս Այնճար ծնած եւ Միացեալ Նահանգներ ապրող մեր հայրենակիցներէն մին անձամբ մեկնած է Լիբանան ու իր ծննդավայր ՝ Այնճար ու վերջին շաբաթներուն ընթացք առած դրամահաւաքի ամբողջ գումարը, որ կը գնահատուի հարիւր միլիոն Լիբանանեան թղթոսկիով (շուրջ 5000 ամն տոլար) անձամբ յատկացուցած է դժուարին պայմաններու մէջ ապրող մեր հայրենակիցներուն։

 

 

 Մեր տեղեկութիւններով նախաձեռնութեան գաղափարը կը պատկանի Սահակ Անտէքեանին, որ իր շրջապատի ընկերներուն եւ բարեկամներուն դիմելով կարողացած է այդ գումարը հաւաքել։

 

 Մեր ընթերցողներուն յիշեցնենք, որ ինչպէս ամբողջ Լիբանանը, նոյնպէս ալ Այնճարի մեր հայրենակիցները երկիրը հարուածող բաւականին ծանր ճգնաժամին հետեւանքով յայտնուած են դժուարագոյն պայմաններու մէջ։

 

 

 Սոյն նախաձեռնութիւնն անշուշտ որբ չէ եւ արդէն վերջին օրերուն տարբեր մարմիններ (յատկապէս ԱՄՆ-ի Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ երկու թեմերը, ինչպէս նաեւ ԱՀԱԸ-ի գործադիր տնօրէնութիւնը), մեծ ճիգեր կը գործադրեն հասնելու համար ծով կարիքներու առաջ կանգնած մեր հայրենակիցներուն։