image

Այնճարի մէջ. Բնիկ Մուսալերցի Զապէլ Քէնտիրճեանի կորուստը

Այնճարի մէջ. Բնիկ Մուսալերցի Զապէլ Քէնտիրճեանի կորուստը

 Լիբանանի Այնճար հայաւանէն տխուր լուր ստացանք։

 Իր մահկանացուն կնքած է գիւղի երէց սերունդի ներկայացուցիչներէն բնիկ Մուսալերցի Զապէլ Քէրքէզեան-Քէնտիրճեանը։

 Ստորեւ կը ներկայացնենք հանգուցեալի մահազդը, ինչպէս նաեւ այս տխուր առթիւ խմբագրութեանս յղուած հաճիրճ մահագրականը։

 

 

Մահազդ

Տէր եւ Տիկ. Մկրտիչ եւ Գարուն Քէնտիրճեան 

Տէր եւ Տիկ. Վահէ եւ Նաթալի Քէնտիրճեան

Տէր եւ Տիկ. Ասպետ եւ Սիւզան Քէնտիրճեան եւ զաւակը Մովսէս

Տէր եւ Տիկ. Մովսէս եւ Մարօ Հարֆուշեան եւ զաւակները Յակոբ եւ Արաքս Նայիրի

Հանգուցեալ Մովսէս Քէրքէզեանի ընտանիք

Տէր եւ Տիկին Ժան Քէրքէզեան եւ զաւակունք

Հանգուցեալ Յակոբ Քէրքէզեանի ընտանիք

Տէր եւ Տիկ. Վարուժ Քէրքէզեան եւ զաւակունք

Հանգուցեալ Վարդուհի Ֆիլեանի ընտանիք

Հանգուցեալ Գրիգոր Քէնտիրճեանի ընտանիք

Տէր եւ Տիկին Դաւիթ եւ Շողակ Քէնտիրճեան

Տիար Յովիկ Քէնտիրճեան եւ Օրդ. Վանա Սարգիսեան

Եւ համայն Քէրքէզեան, Քէնտիրճեան, Ֆիլեան, Տէր Ստեփանեան, Կէյիքեան, Սթամպուլեան ընտանիքներ կը գուժեն իրենց մօր, մեծ մօր, հօրաքրոջ եւ մօրաքրոջ Զապէլ Քէրքէզեան Քէնտիրճեանի մահը , ծնեալ 1933 Մուսա Լեռ։

Յուղարկաւորութեան պաշտամունքը պիտի կատարուի հինգշաբթի, 3 Հոկտեմբեր, 2024 կէսօրուայ ժամը 12:00-ին Այնճարի Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Այնճարի գերեզմանատունը։

Ցաւակցութիւնները կ՚ընդունուին թաղման արարողութենէն ետք Ջանից սրահէն ներս մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00: 

Իսկ Ուրբաթ 4 եւ Շաբաթ 5 հոկտեմբեր հանգուցեալին բնակարանը։

Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները կատարել Հայ Աւետարանական Երկրորդական Վարժարանի մանկապարտէզին։

 

 

Մուսա լերան աղջիկը

 

Այսօր մեր յիշողութեան մէջ կը կանգնի բարի ու ժպտադէմ, հայ եւ քրիստոնեայ մօր, ամրակուռ հաւատքով, անանձնական սիրով ապրումներով եւ ապագայի հանդէպ վառ յոյսերով, միշտ աղօթող մէկը, որ համերաշխ եւ սիրալիր ընտանիքի մը մայրը դարձաւ։ Չորս զաւակներով՝ Մկօ, Վահէ, Ասպետ, եւ Մարօ, եւ հինգ թոռներով։ Ան մեծ ուրախութեամբ կատարեց մայրական-ընտանեկան բոլոր իր պարտականութիւնները, համեստ, աշխատող, հիւրասէր եւ բոլորին սիրելի Տիկ. Զապէլը որ ձեռք երկարեց բոլոր անոնց որոնք կարիքն ունէին իր ծառայութեան, իր

 սիրելի ամուսնոյն վարպետին հետ։ Իրենց պարկեշտութեամբ եւ նուիրումով անոնք եղան շրջապատին եւ մանաւանդ վարժարանի աշակերտներուն սիրելիները։

Զապէլին վաստակը եղաւ Այնճարի Ջանիցին, կիրակնօրեայ վարժարանին եւ հայ Աւետ. երկրդ. վարժ.ի մանկապարտէզէն ներս որպէս ուսուցչուհի ինչպէս նաեւ որպէս եկեղեցւոյ տիկնանց վարչութեան ատենապետուհի եւ սարկաւագուհի։

Ան եղաւ իր արմատներուն կապուած մուսալերցին, իր հայրենասէր ոգիով եւ, աւանդութիւններուն կառչած, բայց միեւնոյն ատեն ան հետաքրքիր միտք մը ունէր եւ յատուկ սէր գիրի եւ գրականութեան, ազդակը իր ամենօրեայ հացը դարձաւ։ Հարցերը իրենց յատուկ բարեմասնութեամբ դիտելու կարողութիւնը ունէր, գաղտնապահ, եսասիրութենէ ու ինքնագովութենէ հեռու մնալու հայու կերպարն էր ան։

Մէկիկ մէկիկ մեզմէ բաժնուող սերունդը հրաժեշտ կու տայ այս աշխարհին, բայց կը ձգէ բաց մը որ յետագային ոչ մէկ սերունդ ի վիճակի պիտի ըլլայ լրացնել, որովհետեւ անոնք իրենց հետ կը տանին պատմական մեր յիշողութիւնը որ փաստագրական տուեալներէ աւելի մեծ նշանակութիւն ունի մեզի համար։

Մեր մայրը մեզմէ կը բաժնուի սակայն մեր մէջ դրոշմելով բոլոր այն քրիստոնէական եւ ազգային իտէալները որ իր թոռները, Շողակը, Մովսէսը,Յակոբը, Յովիկը եւ Արաքս Նայիրին պիտի ժառանգեն։ Վարձքդ կատար սիրելի մայր, հողը թեթեւ ըլլայ վրադ։