image

Այլեւս պիտի չլսուի ՝ «Հոս Լոնտոնն է». BBC-ն կը դադրեցնէ ձայնասփիւռային սփռումները

Այլեւս պիտի չլսուի ՝ «Հոս Լոնտոնն է». BBC-ն կը դադրեցնէ ձայնասփիւռային սփռումները

«Հոս Լոնտոնն է» ծանօթ նախադասութիւնը, որուն կը յաջորդէր Պիկ Պէնի ղօղանջը, որ ծանօթ էր BBC-ի արաբ ունկնդիրին 1938 թուականէն, այլեւս պիտի չհնչէ եւ պիտի բացակայի եթերէն։ BBC-ն՝ որ արաբական աշխարհի ամենահին ձայնասփիւռի կայանն էր, եւ որու հետ արաբներն ապրած են քսաներորդ դարու քաղաքական եւ մշակութային տարբեր իրադարձութիւններու մեծ մասը,   պիտի  անջատէ խօսափողը եւ արաբերէն լեզուով հաղորդումը կը փոխանցէ թուային՝ համացանցի միջոցաւ, շարք մը այլ լեզուներու կողքին:

Անկախ անկէ, թէ համաձայն ենք կամ ոչ անոր վարած քաղաքականութեան, արաբ քաղաքացին, յատկապէս տարեցները, պիտի «կարօտնան« ձայնասփիւռի հանդիսաւոր ձայնը, որ իր լեզուով կը փոխանցէր աշխարհի իրադարձութիւնները։ 84 տարի անց, BBC-ի արաբերէն լեզուով հաղորդուող ձայնասփիւռային ծառայութիւնը ընդմիշտ կը փակուի։ Նշուած պատճառը, ծախսի խնայողութիւնն է եւ միաժամանակ՝ թուային միջոցներու վրայ կենդրոնանալու, նոր ռազմավարութեան որդեգրումը։

 

BBC-ի միջոցով արաբական  աշխարհի բնակիչները  կը տեղեկանային բազմաթիւ իրադարձութիւններու մասին՝ սկսած Երկրորդ համաշխարհային պատերազմէն, արաբ-իսրայէլեան հակամարտութենէն, անցնելով Ծոցի երկու պատերազմներէն եւ «Արաբական գարնան» տարիներէն եւ հասնելով մինչեւ մեր օրերու իրադարձութիւնները։

 

Բացի անգլերէնէն, BBC-ն աւելի քան 40 տարբեր լեզուներով լուրեր հեռարձակող ամենահին կազմակերպութիւնն էր, որոնց մէջ արաբերէն լեզուով հաղորդումները ամենահինն էին։ Այս հաղորդումներու պատճառով, BBC-ն շատ անգամներ դիմագրաւած է զանազան մարտահրաւէրներ եւ ենթարկուած  է զանազան քննադատութիւններու արաբական աշխարհի ղեկավար մարմիններու կողմէ, սակայն արաբ քաղաքացին միշտ հետեւած ու քաջալերած է այս հաղորդումները, որոնք կը սփռուէին հանրածանօթ եւ մասնագէտ հաղորդավարներու կողմէ։ 

 

Նիւթը՝ «Ռասիֆ22» լրատուական կայքէն։