ՌԴ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը ընդգծած է բոլոր պահուող անձերը վերադարձնելու կարեւորութիւնը ու նշած, որ Ռուսաստանը ամէն ինչ կ'ընէ այդ ուղղութեամբ:
«Մենք կ'ողջունենք Ատրպէյճանի կողմէ 8 հայ զինուորի փոխանցումը հայկական կողմին, եւ, ի հարկէ, կարեւոր է հնարաւորինս շուտ լուծել այդ վիճայարոյց հարցը հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններուն մէջ, աւարտել պահուող անձերու փոխանակումը` բոլորը բոլորի դիմաց սկզբունքով», ըսած է նախարարութեան խօսնակ Մարիա Զախարովան:
Վերջինս յիշեցուցած է, որ 2020-ի Դեկտեմբեր 2-ին ռուս խաղաղապահներու միջնորդութեամբ ընդհանուր առմամբ վերադարձուած է 146 մարդ` 127-ը` հայկական կողմին, 19-ը` ատրպէյճանական:
«Կարեւոր կը համարենք զուգահեռաբար ջանքերու գործադրումը` ուղղուած անհետ կորսուածներու ճակատագիրը պարզելուն, եւ պիտի աջակցինք անոր ինչպէս ազգային մակարդակի վրայ, այնպէս ալ որպէս համանախագահ», յաւելած է դիւանագէտը:
Զախարովան նշած է, որ «Ռուսաստանը իր կողմէ ըրած է, կ'ընէ եւ պիտի ընէ ամէն ինչ պահուող անձերը վերադարձնելու հարցով: «Այդ հարցը առաջնահերթ է: Մենք կը հասկնանք հարցին էութիւնն ու առաջնահերթութիւնը», ընդգծած է Զախարովան: