Ճափոնիոյ մէջ 100 տարեկանէն աւելի անձերու թիւը հասած է 107,677-ի։ Այս մասին կը հաղորդէ «Kyodo» գործակալութիւնը՝ վկայակոչելով երկրի Առողջապահութեան, աշխատանքի եւ բարեկեցութեան նախարարութեան տուեալները։
Տուեալները հրապարակուած են Սեպտեմբեր 21-ին նշուող ազգային տօնին՝ Տարեցներու հանդէպ յարգանքի օրուան առթիւ։
Ճափոնիոյ մէջ 100 եւ աւելի տարեկան անձերու թիւը շարունակաբար կ՚աճի վերջին 56 տարիներուն ընթացքին։ 2025-ի համեմատութեամբ՝ անոնց թիւը 7,914-ով աւելցած է՝ առաջին անգամ անցնելով 100,000-ի սահմանը։
Երկարակեացներու այս խումբին 87,6 %-ը կիներ են։ Ճափոնիոյ մէջ կեանքի տեւողութեամբ առաջին տեղը կը գրաւէ Քիոթոյի բնակչուհի, 114-ամեայ Ֆույոսա Քիշիմոթոն։
Ճափոնիոյ մէջ այժմ իւրաքանչիւր 100,000 բնակիչի հաշուով 100 տարեկանէն աւելի 87 անձ կայ։ Բնակչութեան ծերացումը լուրջ ընկերատնտեսական խնդիրներ կը ստեղծէ՝ աշխատողներու թիւի նուազման պատճառով, որոնք աւելի մեծ չափով հարկեր կը վճարեն, ինչպէս նաեւ առողջապահութեան եւ ընկերային ապահովութեան համակարգերուն վրայ աճող ծանրաբեռնուածութեան հետեւանքով։
2025-ին Ճափոնիոյ մէջ կեանքի միջին տեւողութիւնը կիներու համար կազմած է 87.33 տարի, իսկ այրերուն համար՝ 81.35 տարի։