image
Հրատապ լուրեր:

Ատրպէյճանը սկսած է նաւթամթերքի արտահանումը Հայաստան. առաջին խմբաքանակը ճանապարհին է․ Լրատուամիջոց

Ատրպէյճանը սկսած է նաւթամթերքի արտահանումը Հայաստան. առաջին խմբաքանակը ճանապարհին է․ Լրատուամիջոց

Ատրպէյճանական APA լրատուական գործակալութիւնը հաղորդած է Ատրպէյճանէն Հայաստան նաւթամթերքի առաջին խմբաքանակի ուղարկման մասին:

Գործակալութիւնը նշած է, որ ուղարկուած է 22 վակոն SOCAR ապրանքանիշի АИ-95 տեսակի վարելանիւթ (պենզին):

Հաղորդուած է, որ ատրպէյճանական վարեալնիւթը Հայաստան կ՚ուղարկուի բացառապէս առեւտրային նպատակով եւ այն պիտի իրացուի միջազգային շուկաներու արժէքներուն համապատասխան գիներով:

Նշուած է, որ նաւթամթերքի տարանցման վերաբերեալ պայմանաւորուածութիւնը ձեռք բերուած է նոյեմբեր 28-ին Ատրպէյճանի Կապալա քաղաքին մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանի եւ Ատրպէյճնի Հանրապետութեան փոխվարչապետ Շահին Մուսթաֆաեւի նախագահութեամբ տեղի ունեցած Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան միջեւ պետական սահմանի սահմանազատման եւ սահմանային անվտանգութեան հարցերով յանձնաժողովի եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան միջեւ պետական սահմանի սահմանազատման պետական յանձնաժողովի 12-րդ հանդիպման ընթացքին: