Ատրպէյճանի իշխանութիւնները պէտք է վերացնեն Լեռնային Ղարաբաղի շրջափակումը եւ վերջ տան ծաւալող մարդասիրական ճգնաժամին։ Այս մասին իր թուիթըրեան էջին գրած է Amnesty International միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը:
Կազմակերպութիւնն անդրադարձած է Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի շրջափակման՝ յիշեցնելով, որ 15 յունիսէն Ատրպէյճանը դադրեցուցած է բոլոր տեղաշարժերը Լաչինի միջանցքով, որ անջատուած Լեռնային Ղարաբաղը Հայաստանին կապող միակ ճանապարհն է. տարածաշրջանը շրջափակման մէջ է 2022 թուականի դեկտեմբերէն:
Յաջորդ թուիթին մէջ Amnesty International-ը յիշեցուցած է, որ 26 յունիսին Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէին թոյլ տրուած է վերսկսիլ ծանր հիւանդներու տարհանումը։ Այնուամենայնիւ, հիւանդանոցներու մէջ դեղերու եւ բժշկական պարագաներու սուր պակաս կայ։
Amnesty International-ը գրած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի բնակիչներն այդ ժամանակէն կ'ապաւինին ռուսական խաղաղապահ ուժերու եւ Կարմիր խաչի մարդասիրական օգնութեան: Ատրպէյճանցի զինուորներն այժմ կ'արգելափակեն օգնութեան մեքենանաերու շարասիւներու ելքը, մուտքը, եւ մարդասիրական ճգնաժամը կը խորանայ։