Ատրպէյճանը մտադիր չէ զօրքեր ուղարկել իր սահմաններէն դուրս, այդ շարքին՝ Կազա, խաղաղապահ գործողութիւններուն մասնակցելու համար, երկուշաբթի՝ յունուար 5-ին, ուշ երեկոյեան յայտարարած է նախագահ Իլհամ Ալիեւը ատրպէյճանական հեռուստաալիքներուն տուած հարցազրոյցին։
Ան նշած է, որ Ատրպէյճանը կապ հաստատած է Միացեալ Նահանգներու մէջ Տանըլտ Թրամփի վարչակազմի հետ՝ շարք մը հարցեր ուղղելով Կազայի մէջ խաղաղապահ ուժերու գործունէութեան վերաբերեալ։
«Մենք պատրաստեր ենք 20-է աւելի հարց պարունակող հարցաթերթիկ եւ ներկայացուցեր ենք այն ամերիկեան կողմին։ Խաղաղապահ ուժերու մասնակցութիւն չի նախատեսուիր: Ես ընդհանրապէս չեմ քննարկեր Ատրպէյճանէն դուրս ռազմական գործողութիւններուն մասնակցելու հնարաւորութիւնը», - նշած է Ալիեւը։