image

Ատրպէյճանի ռազմավարական դաշնակիցը Ռուսաստանն է. Գրեց՝ Գէորգ Հալէպլեան

Ատրպէյճանի ռազմավարական դաշնակիցը Ռուսաստանն է. Գրեց՝ Գէորգ Հալէպլեան

   Եւ վերջապէս շատ կարեւոր իրաւա-փաստագրական նկատառում մը եւս, որ հակական ակադեմական եւ դիւանագիտական մեքենան թերացած էր այն լաւագոյնս օգտագործելու ի նպաստ հայկական շահերու ՝ այն է, որ  Ատրպէյճանի ներկայ սահմանադրութեան 2-րդ կէտով յստակօրէն ամրագրուած է որ « 1991 թուականի անկախութիւն հռչակած Ատրպէյճանը իրաւայաջորդն է 1918-1920 անկախ Ատրպէյճանի»։ Ինչպէս գիտենք եւ պատմական փաստերը ցոյց տուած են որ Ղարաբաղը եւ Նախիջեւանը 1918-1920 ժամանակահատուածին մաս չեն կազմած Ատրպէյճանի անկախ հանրապետութեան։

1920 Փետրուարին Ատրպէյճան առանց ներքաղաքական ցնցումներու  եւ քաղաքացիական ընդհանրումներու «յանկարծ» սովետականացաւ։ Նախկին հակակոմունիստ  մուսավաթականներ մէկ գիշերուայ մէջ կոմունիստ «դարձան» եւ իշխանութիւնը հեզասահօրէն անցաւ սովետներուն։Անշուշտ սա սերտօրէն առնչութիւն ունէր կամ արդիւնքն էր Լենին-Աթաթուրք գաղտնի (յայտնի) պայմանաւորուածութեան, ըստ որու Անդրկովկասեան երեք երկիրները պէտք է անցնէին Ռուսաստանի վերահսկողութեան տակ, իսկ յետագային 1921 Մարտ 16-ին Մոսկուայի մէջ եւ այնուհետեւ նոյն տարուայ Հոկտեմբեր 13-ին Կարսի մէջ ստորագրուած «ռուս-թուրքական եղբայրական» զոյգ պայմանագիրներով Նախիջեւանը եւ Ղարաբաղը նուիրաբերուեցան Ատրպէյճանին (նաեւ բռնակալ Սթալինի եւ Նարիմանովի դաւադիր համաձայնութեամբ), իսկ Կարսը, Արտահանը, Սուրմալուն եւ Արարատը ՝ Թուրքիային։ Իսկ նախապէս Թուրքիոյ տիրապետութեան տակ գտնուող Պաթումը, անցաւ Ռուսաստանին։ Այստեղ պէտք է աւելցնել, որ ըստ ռուս-թուրքական պայմանաւորուածութեան, Զանգեզուր նոյնպէս պէտք էր յանձնուէր Ատրպէյճանին, ցամաքային ճանապարհ բանալով արեւմտեան Ատրպէյճանէն դէպի Նախիջեւան եւ այնտեղէն դէպի Թուրքիա, որպէսզի սովետներուն ոսկիի, ցորենի եւ զինամթերքի օգնութիւնը հասնի Աթաթուրքին։ Բարեբախտաբար Գարեգին Նժդեհ կասեցուց այդ ճիւաղային ծրագիրը շնորհիւ իր բացառիկ ռազմական եւ ռազմագիտական տաղանդին, ջախջախելով ռուս-թուրքական հրոսակախումբերը Սիւնիքի մէջ եւ վերջապէս ստիպելով Սովետական Կառավարութեան, որ Զանգեզուրը մնայ Սովետական Հայաստանի կազմի մէջ։

        Յետագային Սովետական իշխանութիւնները շարունակեցին Ատրպէյճանին ի նպաստ քաղաքականութիւնը, Հայաստանէն տարածքներ նուիրելով կամ թաթարներ եւ ազերիներ վերաբնակեցնելով հայկական տարածքներու մէջ ինչպէս Տաւուշի, Արարատի, Վայոց Ձորի եւ Սիւնիքի մարզերու մէջ։ Այս իմաստով բացառութիւն չէր նաեւ Լեռնային Ղարաբաղը, որտեղ բնակչութեան բացարձակ մեծամասնութիւնը հայեր էին եւ Սթալին ճիւաղային հեռահար նպատակով է որ այն ներառեց Ատրպէյճանի կազմի մէջ։Այսպիսի ճիւաղային ծրագիրներով Սթալին  նպատակ կը հետապնդէր ժողովուրդներու միջեւ ատելութեան եւ ազգամիջեան լարուածութիւններ սերմանելու շնորհիւ, իր ազդեցութիւնը եւ վերահսկողութիւնը ամրապնդելու համար։ Ան փոխանակ միջ պետական սահմաններ գծէր, այսպէս կոչուած «վարչատարածքային սահմաններ» կը հաստատէր, որպէսզի իւրաքանչիւր միութենական երկիր ինքնուրոյն կերպով հանդէս չգար, այլ «միասնական, եղբայրական եւ առանց սահմաններու» ապրէին մէկ պետութեան մէջ։

        Ինչպէս կը տեսնենք, 100 տարի ետք, մեր օրերուն, Սթալինի ծրագիրը իր կործանարար արդիւնքը տուաւ։ Մեր կարծիքով 1921-ի Մոսկուայի եւ Կարսի ռուս-թուրքական պայմանագիրներու ոգին եւ տարրը կը շարունակուի եւ տակաւին իր «լրումին» չէ հասած։ Փաստերը անհերքելի եւ բազմաթիւ են։ Եւ այստեղ հաստատօրէն պէտք է շեշտել, որ կայսերական նկրտումներու առումով ոչ մէկ տարբերութիւն կայ Ցարական, Սովետական եւ դաշնակցային (Federative) Ռուսաստաններու միջեւ։ Միամիտ պէտք չէ ըլլալ որ այս օրերուն Բերձորի (Լաչինի) միջանցքի փակումը Ռուսական ծրագիր է, այլապէս ինչպէ՞ս հաւատալ որ ատրպէյճանցի մի քանի «բնապահպան աքթիվիսթներ» կրնան ընդդիմանալ եւ օրակարգ թելադրել գերհզօր, միջուկային կարողութեամբ եւ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդի անդամ Ռուսաստանին։ Սա անհեթեթութիւն է, չըսելու համար ծիծաղելի։ Բերձորի միջանցքի փակումով Ռուսաստան ճնշում կը գործադրէ Հայաստանին մի քանի նպատակներով ՝

      Ա) Բերձորի միջանցքի կարգավիճակին համահաւասար, ստեղծել «Զանգեզուրի միջանցքը», որտեղ պէտք է տեղակայվին Ռուսաստանի սահմանապահ ոյժեր։

       Բ) Հայաստանին պարտադրել, որ հայ-ատրպէյճանական «խաղաղութեան պայմանագիրի» բանակցութիւնները տեղի ունենան Ռուսաստանի միջնորդութեամբ, եւ ոչ թէ արեւմուտքի։

       Գ) Ոչ պաշտօնական, հակառակ որ Հայաստանի Անվտանգութեան Խորհուրդի տնօրէնը իր հարցազրոյցներէն մէկուն ընթացքին յայտարարեց այդ ճնշման  մասին՝ Հայաստանի «Միութենական Պետութեան» անդամակցութեան։

       Դ) Հայաստան պէտք է հրաժարի Եւրոմիութեան Դիտորդական Առաքելութենէն։

        Պատահական չէր, որ վերջերս Ռուսաստանի բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, պալատական «վերլուծաբաններ» եւ «փորձագէտներ» առանց առիթը կորսնցնելու սպառնալից հռետորաբանութեամբ կը դիմեն Հայաստանին, մինչեւ իսկ իր Պետ Տումայի խօսնակի բեռնով ՝ «որ պետութիւն կրնան կորսնցնել» այն երկիրները որոնք իրենց աշխարհաքաղաքական ուղղութիւնը կը փոխեն դէպի արեւմուտք։ Ինչպէս կը տեսնենք, Ռուսաստան Հայաստանին չի վերաբերիր որպէս անկախ եւ ինքնիշխան երկիր, այլ որպէս իր կայսրութեան ծայրամասէն նահանգի մը։                                    

Թիւր տեսակէտ է նաեւ այն, որ Ռուսաստան 44-օրեայ պատերազմին չօգնեց Հայաստանին որովհետեւ Ղարաբաղը Ատրպէյճանի կազմի մէջ է եւ այդ մէկը Ատրպէյճանին «ներքին գործն է»։ Վերջերս տեղեկացանք, որ այդ խօսոյթը ամենեւին չի համապատասխանէր իրականութեան։ Բացայայտուեցաւ որ Հաւաքական Անվտանգութեան Պաշտպանութեան Կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) կանոնագրին մէջ կայ դրոյթ, որտեղ ՀԱՊԿ-ը կը պարտաւորուի ռազմական օգնութիւն ցուցաբերել նոյնիսկ եթէ ՀԱՊԿ անդամ երկիր մը ազգային (ethnic) ֆիզիքապէս վտանգուած փոքրամասնութիւն ունի թշնամական երկրի մը մէջ։

       Աւելին, 2021 Մայիս եւ Նոյեմբեր ամիսներուն, ինչպէս նաեւ 2022 Սեպտեմբեր ամիսին Ատրպէյճանի սանձազերծած եւ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքներու  գրաւումը ոչ մէկ կերպով արժանացան Ռուսաստանի կամ ՀԱՊԿ-ի Ատրպէյճանի հանդէպ  հասցէական մեղադրանքին եւ քաղաքական գնահատանքին։ Ինչու՞ չգործադրուեցաւ ՀԱՊԿ կանոնագրի 4-րդ կէտը։ Ինչու՞ Ատրպէյճանի յարձակման ժամերուն յանկարծ անհետացան ռուս սահմանապահները։ Ու՞ր էր հայ-ռուսական միացեալ հակա-օդային պաշտպանական համակարգը (ՀՕՊ)։

       Աւելին, Ռուսաստան երբեք չէ քննադատած Ալիեւի ամենօրեայ ռազմատենչ հռետորաբանութիւնը եւ ծաւալապաշտական նկրտումները։ Ընդհակառակը, ան վերջերս իր արտաքին գործոց նախարարին բեռնով նոյնիսկ մեղադրեց Հայաստանին Ատրպէյճանական տարածքներ «բռնազաւթելու» եւ անոնք «30 տարի պահելու» սին յայտարարութեամբ ՝եւ արդարացուց Ատրպէյճանը որ «ազատագրած է» իր «գրաւուած տարածքները»։ Ռուսաստան պարտաւոր էր Շուշին եւ Հադրութը պահպանել պատմական «Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզ»-ին մէջ։ Ինչպէս գիտենք, ԵԱՀԿ Մինսքի Խումբի ձեւաչափի բանակցութիւններով միայն 7 տարածքներ պէտք էր վերադարձուէին Ատրպէյճանին, սակայն 2020 թուականի պատերազմի արդիւնքով եւ տխրահռչակ Նոյեմբեր 9-ի պայմանագիրով ( որ Ռուսաստանի նախագահի յայտարարութեամբ ինք անձնապէս խմբագրած է այդ չարափաստիկ պայմանագիրը), Արցախը կորսնցուց եւս 2 տարածք։

        Իսկ ինչ կը վերաբերի  ԱՊՀ-ի 1991-ի Դեկտեմբեր 21-ի գագաթաժողովին եւ հռչակագրին, ապա այստեղ նոյնպէս Ռուսաստան եւ Ատրպէյճան համակարգուած ձեւով կաշխատին միմիանց հետ։ Այստեղ եւս թիւր ըմբռնում կամ անբավարար գիտելիք  կայ, դժբախտաբար նաեւ իշխանական որոշ շրջանակներու մօտ։ Վերջերս տեղեկացանք ԱՊՀ-ի կանոնագրի եւ հռչակագրի ստեղծման սկզբունքներուն։ Բացայայտուեցաւ, որ ԱՊՀ-ն իր կանոնագիրը  եւ հռչակագիրը ընդունած է հղում ընելով ՝

Ա) ՄԱԿ-ի միջազգային իրաւունքի սկզբունքը- երկիրներու փոխադարձ տարածքային ամբողջականութեան ճանաչումը եւ անկախութիւնը։

Բ)  1975-ի Հելսինքեան Եզրափակիչ Յայտարարութեան սկզբունքները որտեղ յստակօրէն ամրագրուած է ազգերու ինքնորոշման իրաւունքը։

       Հետեւաբար, Ռուսաստան եւ Ատրպէյճան որպէս ԱՊՀ-ի անդամ երկիրներ, քաջատեղեակ պէտք էր ըլլային ԱՊՀ-ի վերոնշեալ կանոնագրի սկզբունքներէն։ Աւելին, Ռուսաստան եւ Ատրպէյճան գիտակցաբար կանտեսեն այն պատմական իրողութիւնները, որ ԱՊՀ-ի գագաթաժողովէն 3 ամիս առաջ 1991 Սեպտեմբեր 2-ին Լեռնային Ղարաբաղը ընդունած էր իր Անկախութեան Հռչակագիրը եւ 11 օր առաջ Դեկտեմբեր 10-ին համաժողովրդական հանրաքուէով անկախացած էր, Սովետական Միութեան եւ Սովետական Ատրպէյճանի սահմանադրութիւններուն ոգիին եւ տարրին համաձայն։

        Եւ վերջապէս շատ կարեւոր իրաւա-փաստագրական նկատառում մը եւս, որ հակական ակադեմական եւ դիւանագիտական մեքենան թերացած էր այն լաւագոյնս օգտագործելու ի նպաստ հայկական շահերու ՝ այն է, որ  Ատրպէյճանի ներկայ սահմանադրութեան 2-րդ կէտով յստակօրէն ամրագրուած է որ « 1991 թուականի անկախութիւն հռչակած Ատրպէյճանը իրաւայաջորդն է 1918-1920 անկախ Ատրպէյճանի»։ Ինչպէս գիտենք եւ պատմական փաստերը ցոյց տուած են որ Ղարաբաղը եւ Նախիջեւանը 1918-1920 ժամանակահատուածին մաս չեն կազմած Ատրպէյճանի անկախ հանրապետութեան։

 

Գէորգ Հալէպլեան