image
Հրատապ լուրեր:

Ատրպէյճանի մէջ երկրաշարժ. ցնցումները զգացուած են Սիւնիքի Կապան քաղաքին մէջ

Ատրպէյճանի մէջ երկրաշարժ. ցնցումները զգացուած են Սիւնիքի Կապան քաղաքին մէջ

Ատրպէյճանի մէջ երկրաշարժ եղած է. ցնցումները զգացած են նաև ՀՀ Սիւնիքի մարզի Կապան քաղաքին մէջ։ Տեղեկութիւնը յայտնած է ՀՀ ՆԳՆ մամուլի ծառայութիւնը։

«Սոյն թուականի ապրիլի 4-ին` տեղական ժամանակով ժամը 04:19-ին (Գրինիչի ժամանակով` ժամը 00։19-ին) ՀՀ ՆԳՆ Սեյսմիկ պաշտպանութեան տարածքային ծառայութեան սեյսմոլոգիական ցանցի կողմից գրանցուել է հիւսիսային լայնութեան 39․28⁰ եւ արեւելեան երկայնութեան 46.56⁰ աշխարհագրական կոորդինատներով Ադրբեջանի Հանրապետութիւնում՝ ՀՀ Կապան քաղաքից 16 կմ հիւսիս-արեւելք, օջախի 10 կմ խորութեամբ 3․1 մագնիտուդով երկրաշարժ»,–ըսուած է ՀՀ ՆԳՆ հաղորդագրութեան մէջ:

Կեդրոնական գօտիին վրայ ստորգետնեայ ցնցման ուժգնութիւնը կազմած է 4 աստիճան։

Երկրաշարժը զգացուած է Սիւնիքի մարզի Կապան քաղաքին մէջ՝ 2-3 աստիճան ուժգնութեամբ։