Ատրպէյճանի իշխող կուսակցութիւնը ընկերային ցանցերու վրայ քարոզարշաւ սկսած է #xainitani («Ճանչցիր դաւաճանը») հեշթեկով, գրած է Regnum գործակալութիւնը:
Աղբիւրը մանրամասնած է, որ այս արշաւը ուղղուած է հասարակական գործիչներու, պլոկըրներու եւ ընդդիմադիրներու դէմ, որոնք կասկածի տակ կը դնեն Հայաստանի վրայ վերջերս տեղի ունեցած յարձակման նպատակայարմարութիւնը:
Արշաւի կազմակերպիչները կ'ուզեն բնակչութիւնը քաջալերել «դաւաճաններ»ու մասին յայտնելու համար։
Յիշեցնենք, որ 13 սեպտեմբերին Ատրպէյճանի Զինուած Ուժերու ստորաբաժանումները Գորիսի, Սոթքի եւ Ջերմուկի ուղղութեամբ հրետանային միջոցներէ, խոշոր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ սկսած են բուռն կրակ վարել հայկական դիրքերու ուղղութեամբ՝ կիրառելով նաեւ ԱԹՍ-ներ: Հայկական կողմն ունի 135 զոհ։