Վերջերս աւարտած է ձմեռնային զօրակոչը, եւ բանակին մէջ մեկնարկած է երդման արարողութիւններու փուլը: Այս մասին դիմատետրի իր էջին տարածած տեսանիւթին մէջ ըսած է ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանը:
«Մեր վերջին փոփոխութեան համաձայն երդման արարողութիւնից յետոյ զինուորները ստանում են երկօրեայ արձակուրդ եւ կարող են գնալ իրենց տուն, վայելել այս կարեւոր փուլը ծնողների հետ»,-ըսած է Պապիկեանը: