Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան հաղորդագրութիւնն այն մասին, թէ փետրուար 24-ին` ժամը 12:45-ի սահմաններուն, Հայաստանի Հանրապետութեան Զինուած ուժերու ստորաբաժանումները իբր կրակ բացած են սահմանագօտիի արեւելեան հատուածին մէջ տեղակայուած ատրպէյճանական դիրքերու ուղղութեամբ, չի համապատասխաներ իրականութեան:
Միեւնոյն ժամանակ, ՀՀ ՊՆ-ն յայտնած է, որ փետրուար 24-ին՝ ժամը 12:30-ի սահմաններուն, Ատրպէյճանի Զինուած ուժերու ստորաբաժանումները կրակ բացած են Վերին Շորժայի (Գեղարքունիքի մարզ) հատուածին մէջ տեղակայուած հայկական դիրքերու ուղղութեամբ:
Հայկական դիրքերու ուղղութեամբ կրակ բացուած է հետեւեալ չափագրումներուն մէջ տեղակայուած ատրպէյճանական դիրքէն՝
40 °05'31.68" N
45 ° 52'51.44" E։