Դիմեր են մեզի, որ այդպիսի բան կ'ուզեն ընել, բայց ատրպէյճանական կողմի հետ ունին համաձայնութիւն, թէ ոչ, այդ հարցը Հայաստանի իրաւասութենէն դուրս է. այս մասին լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ նշած է Գլխաւոր շտապի պետի առաջին տեղակալ Տիրան Խաչատրեանը՝ անդրադառնալով հարցին, թէ տարօրինակ չէ՞, որ մասնաւոր ընկերութիւնը ինքուրոյնաբար որոշեց եւ Ատրպէյճանի տարածքին մէջ անցակէտ պատրաստեց, Հայաստանի իշխանութիւնները նախօրօք չէն գիտեր, որ այդ Ատրպէյճանի տարածք է:
Հարցին, թէ ինչպէ՞ս կրնայ ընկերութիւն մը տարածքի մը պահպանութիւնը վերցնել իր վրայ, չէ՞ որ Հայաստանը չի պատկանիր մասնաւոր ընկերութեան, Հայաստանը կը պատկանի ՀՀ քաղաքացիին, Տիրան Խաչատրեանը պատասխանած է, որ ամէն ընկերութիւն իր տարածքի պահպանութեամբ կը զբաղուի. «Դուք միջազգային քանի այդպիսի դէպք գիտէք, սա եզակի դէպք էր, հիմա այսպէս եղած է»: