image
Հրատապ լուրեր:

ԱՄՆ-ն աջակցութիւն կ՚առաջարկէ Լիբանանի բանակին՝ «Հըզպալլա»-ն զինաթափելու հարցով. Bloomberg

ԱՄՆ-ն աջակցութիւն կ՚առաջարկէ Լիբանանի բանակին՝ «Հըզպալլա»-ն զինաթափելու հարցով. Bloomberg

Միացեալ Նահանգները աջակցութիւն կ՚առաջարկէ Լիբանանի բանակին՝ «Հըզպալլա»-ն զինաթափելու եւ փակուղին յաղթահարելու հարցով, հաղորդծ Bloomberg-ը:

Հրատարակութեան տուեալներով՝ Միացեալ Նահանգները պատրաստ է աջակցելու Լիբանանի բանակին «Հըզպալլա»-ի զինեալները զինաթափելու ծրագրի իրականացման գործին մէջ։

Այս աջակցութեան նպատակը պիտի ըլլայ դադրեցնել ռազմական գործողութիւնները եւ հնարաւորութիւն տալ իշխանութիւններուն վերահսկելու Լիբանանի ամբողջ տարածքը։

Լիբանանի կառավարութիւնը կը փորձէ առգրաւել «Հըզպալլա»-ի զէնքերը, քանի որ խմբաւորումը կը հրաժարի զանոնք յանձնել՝ պատճառաբանելով Իսրայէլի յարձակումները։