Սեպտեմբեր 23-ին՝ ժամը 19:30-ի սահմաններուն, Ատրպէյճանի Զինուած ուժերու ստորաբաժանումներէն մէկը դիմած է սադրանքի՝ փորձելով անցնիլ հայ-ատրպէյճանական սահմանագօտիի արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած հայկական մարտական դիրքերէն մէկու թիկունք: Այս մասին յայտնած են ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութենէն։
ՀՀ Զինուած ուժերու ստորաբաժանումներու հմուտ գործողութիւններու շնորհիւ հակառակորդը ետ շպրտուած է ելման դիրքեր:
Հայկական կողմէն կորուստներ չկան:
Գիշերուայ ընթացքին այլ միջադէպեր չեն արձանագրուած։
24 Սեպտեմբերի ժամը 10:00 դրութեամբ իրավիճակը յարաբերականօրէն կայուն է։