image

Ատրպէյճան զօրավարժութիւններ կայացուցած է Թուրքիոյ մէջ

Ատրպէյճան զօրավարժութիւններ կայացուցած է Թուրքիոյ մէջ

Թուրքիոյ Գոնիա քաղաքի մէջ աւարտած են «Անատոլու արծիւ 2023» մարտավարական, միջազգային թռիչքային վարժութիւնները: 

Ըստ ատրպէյճանական լրատուամիջոցներուն, զօրավարժութիւնները հիմնական ուշադրութիւն դարձուցած են օդաչուներուն, ինչպէս նաեւ ճարտարագիտական անձնակազմի մասնագիտական մակարդակի բարձրացման վրայ։

Միջազգային զօրավարժութիւններուն Ատրպէյճանը ներկայացուցած է ռազմաօդային ուժերու զինծառայողներ եւ Սու-25 գրոհային ինքնաթիռներ։