Ատրպէյճանի Զինուած ուժերու ստորաբաժանումները ապրիլ 1-ին՝ ժամը 22:00-ին, Կութի (Գեղարքունիքի մարզ), ապրիլ 2-ին՝ ժամը 00:40-ին, Տեղի (Սիւնիքի մարզ) հատուածին մէջ կրակ բացած են հայկական դիրքերու ուղղութեամբ, յայտնած է ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը։
Գերատեսչութիւնը նշած է, որ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան տարածած հաղորդագրութիւնը, թէ իբր ապրիլ 1-ին` ժամը 22։00-էն 22։10-ն ինկած ժամանակահատուածին, ՀՀ Զինուած ուժերու ստորաբաժանումները կրակ բացած են սահմանագօտիի հարաւարեւմտեան հատուածին մէջ տեղակայուած ատրպէյճանական դիրքերու ուղղութեամբ, չի համապատասխաներ իրականութեան։
Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ նշուած ուղղութիւններուն մէջ խախտումներ չեն արձանագրուած:
Վերջին օրերուն Ատրպէյճանը կեղծ տեղեկութիւններ կը տարածէ, թէ իբր հայկական զինուած ուժերը սահմանին տեղաշարժեր կ՚իրականացնեն։ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը եւ ՀՀ-ի մէջ Եւրոմիութեան առաքելութիւնը քանիցս հերքած են Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան հաղորդագրութիւնները։