image
Հրատապ լուրեր:

Ատրպէյճան հաստատած է, որ իր քով 17 ռազմագերի կը գտնուի. Միջազգային իրաւական հարցերով ներկայացուցիչ

Ատրպէյճան հաստատած է, որ իր քով 17 ռազմագերի կը գտնուի. Միջազգային իրաւական հարցերով ներկայացուցիչ

Ատրպէյճան հաստատած է, որ սեպտեմբերեան յարձակումէն ետք իր մօտ 17 ռազմագերի կը գտնուի։ Այսօր հրաւիրուած ասուլիսի ժամանակ տեղեկութիւնը յայտնած է Միջազգային իրաւական հարցերով ներկայացուցչի գրասենեակի ղեկավարի տեղակալ Տիանա Քարազեանը։

«Այս պահի դրութեամբ գրասենեակն իր աշխատանքները կեդրոնացրել է Ատրպէյճանի նկատմամբ ռազմագերիների հետ կապուած հրատապ միջոց կիրառելու ուղղութեամբ։ Սակայն Ատրպէյճանը ոչ միշտ է այն ինֆորմացիան (տեղեկութիւնը) ներկայացնում, որը պահանջել է Մարդու իրաւունքների եւրոպական դատարանը (ՄԻԵԴ)։ Ատրպէյճանը հաստատել է, որ իր մօտ 17 ռազմագերի է գտնւում, որոնց մասին շատ ընդհանուր տեղեկութիւն էր տրամադրել»,–ըսած է Քարազեան։

Անոր խօսքով` Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանը (ՄԻԵԴ) Ատրպէյճանէն մանրամասներ պահանջած էր գերիներու վերաբերեալ, մասնաւորապէս` անոնց բուժզննման եւ այլ հարցերու վերաբերեալ, բայց Ատրպէյճանը, ինչպէս միշտ, ընդհանուր տեղեկատւութիւն տուած է։ Ատրպէյճանի նման վարքագիծը, ըստ Քարազեանի, նորութիւն չէ։

Ան աւելցուցած է` 44-օրեայ պատերազմէն ետք ալ շուրջ 30 ռազմագերի դատավարութեան գործընթացով կ'անցնին։