27 Սեպտեմբեր 2020-ի Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ կողմէ Արցախի վրայ սանձազերծոած պատերազմի առաջին տարելիցին, Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Երիտասարդական միութեան կազմակերպութեամբ, Աթէնքի եւ Թեսաղոնիկէի մէջ յունահայութիւնը իր բողոքի արդար ձայնը բարձրացուց ընդդէմ թուրքեւատրպէյճանական յարձակողականութեան, իրագործելով բողոքի ցոյց Աթէնքի մէջ Ատրպէյճանի դեսպանատան առջեւ եւ յարգանքի հաւաք Թեսաղոնիկէի մէջ՝ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ առջեւ։ Այս մասին իմացանք ՝ Ազատ օր»էն:
Ցոյցէն առաջ, Ատրպէյճանի դեսպանատունը զայրացնող միտումնաւոր քայլերու դիմած էր, շէնքի ցանկապատին վրայ նախապէս տեղադրած ըլլալով պաստառներ զանազան ընդվզեցուցիչ լոզունգներով, որոնց վրայ յունարէնով գրուած էին «Ղարաբաղը Ատրպէյճանին կը պատկանի», «Մեր հերոսները կը յիշենք» եւ «Սուգի ու յարգանքի օր Ատրպէյճանի համար» գրութիւնները։ Առաւել, մայր դուռին վրայ զետեղած էին նկարներ ազերի բանակի ջոկատներէն եւ մարտերու տեսարաններէն։ Նաեւ, տեղադրած էին նոյնանման պարունակութեամբ թռուցիկներ յոյն անցորդներուն համար։
Հայ ցուցարարները բուռն կերպով հակազդեցին եղած գրգռութիւններուն եւ վար առին ցանկապատին վրայ տեղադրուած ազերիական ստայօդ գրութիւններն ու նկարները, իսկ ոստիկանական ուժերու պատասխանատուները եւս պահանջեցին ատրպէյճանցի պաշտօնեաներէն դադրեցնել իրենց բռնի շարժումները։
Ակներեւ էր հայ երիտասարդութեան ներկայութիւնը, որ վճռակամ եւ պայքարունակ ոգիով սուգի եւ ցասումի օրը վերածեց պայքարի եւ պահանջատիրութեան օրուան, ցոյց տալով որ հայ ժողովուրդը պիտի շարունակէ տէր կանգնիլ Արցախի մեր արծուաբոյնին, հակազդելով ատրպէյճանական ամէն տեսակի ոտնձգութիւններուն:
Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Երիտ. Միութեան «Ս. Թեհլիրեան» խումբին կազմակերպութեամբ, նոյն երեկոյ տեղի ունեցաւ յարգանքի հաւաք մը՝ ի յիշատակ Արցախի 44-օրեայ պատերազմին քաջաբար ինկած հայ զինուորներուն։ Երեկոյեան ժամը 8-ին, Թեսաղոնիկէի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան յատուկ արարողութիւն Արտաւազդ Վրդ. Շարոյեանի կողմէ։
Յուշ երեկոն շարունակուեցաւ լուռ քայլարշաւով մը դէպի քաղաքի կեդրոնը գտնուող խաչքարը, որուն առջեւ տեղի ունեցաւ ծաղիկներու զետեղում եւ մոմավառութիւն։ Յուզիչ ելոյթը վերջ գտաւ «Մեր հայրենիք» ոգերգի երգեցողութեամբ։