image

Աթէնք բողոքի գիր յղած է ընդդէմ Անգարայի

Աթէնք բողոքի գիր յղած է ընդդէմ Անգարայի

Յունաստանը բողոքի նամակ յղած է ՆԱԹՕ-ին եւ ՄԱԿ-ին՝ Թուրքիոյ նախագահ Թայէպ Էրտողանի բորբոքած յայտարարութիւններու առնչութեամբ եւ պահանջած է դատապարտել Անգարայի պահուածքը: Այս մասին յայտնած է Reuters-ը՝ վկայակոչելով դիւանագիտական ​​աղբիւրները։ 

Աւելի վաղ Եւրոմիութիւնը մտահոգութիւն յայտնած է Էրտողանի յայտարարութիւններու վերաբերեալ, որոնց մէջ ան Յունաստանը մեղադրած է Եգէական ծովու ապառազմականացուած կղզիները «բռնագրաւելու» մէջ եւ սպառնացած է յարձակիլ։  

Թրքական պետական ​​«Անատոլու» լրատուական գործակալութեան հաղորդմամբ՝ այս շաբաթ Անգարան նամակներ ուղարկած է Եւրոմիութեան, ՆԱԹՕ-ին եւ ՄԱԿ-ին՝ բացատրելով իր դիրքորոշումն ու տեսակէտները վիճելի հարցերու վերաբերեալ։ 

Չորեքշաբթի Յունաստանի դիւանագիտական ​​շրջանակներու աղբիւրները յայտնած են, որ Թուրքիոյ նամակը կը խեղաթիւրէ իրականութիւնը, եւ որ անոր փաստարկները անհիմն են եւ կը խախտեն միջազգային իրաւունքը։ Անոնց խօսքով՝ Յունաստանը նամակներ ուղարկած է նաեւ ՄԱԿ-ին ու ՆԱԹՕ-ին։