Յունաստանը բողոքի նամակ յղած է ՆԱԹՕ-ին եւ ՄԱԿ-ին՝ Թուրքիոյ նախագահ Թայէպ Էրտողանի բորբոքած յայտարարութիւններու առնչութեամբ եւ պահանջած է դատապարտել Անգարայի պահուածքը: Այս մասին յայտնած է Reuters-ը՝ վկայակոչելով դիւանագիտական աղբիւրները։
Աւելի վաղ Եւրոմիութիւնը մտահոգութիւն յայտնած է Էրտողանի յայտարարութիւններու վերաբերեալ, որոնց մէջ ան Յունաստանը մեղադրած է Եգէական ծովու ապառազմականացուած կղզիները «բռնագրաւելու» մէջ եւ սպառնացած է յարձակիլ։
Թրքական պետական «Անատոլու» լրատուական գործակալութեան հաղորդմամբ՝ այս շաբաթ Անգարան նամակներ ուղարկած է Եւրոմիութեան, ՆԱԹՕ-ին եւ ՄԱԿ-ին՝ բացատրելով իր դիրքորոշումն ու տեսակէտները վիճելի հարցերու վերաբերեալ։
Չորեքշաբթի Յունաստանի դիւանագիտական շրջանակներու աղբիւրները յայտնած են, որ Թուրքիոյ նամակը կը խեղաթիւրէ իրականութիւնը, եւ որ անոր փաստարկները անհիմն են եւ կը խախտեն միջազգային իրաւունքը։ Անոնց խօսքով՝ Յունաստանը նամակներ ուղարկած է նաեւ ՄԱԿ-ին ու ՆԱԹՕ-ին։