image
Հրատապ լուրեր:

Աստուածածնայ Վերափոխման տաղաւարը՝ Շարժայի մէջ

  Աստուածածնայ Վերափոխման տաղաւարը՝ Շարժայի մէջ

 Օրերս ԱՄԷ-ի Շարժա քաղաքին մէջ մէջ նշուած է Սուրբ Աստուածածնի Վերափոխման տօնը եւ տեղի ունեցած է խաղաղօրհնէքի արարողութիւն։

 

 Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ ԱՄԷ-ի դիմատետրի պաշտօնական էջէն, ուր նաեւ կը նշուի, որ տօնը զուգադիպած է Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մեսրոպ արք. ծննդեան ուրախ օրուան ու այդ առթիւ ալ թեմական խորհուրդի կարգադրութեամբ տեղի ունեցած է պատշաճ հաւաք։

Ստորեւ կը ներկայացնենք այդ առթիւ հրապարակուած կարճ լրատւութիւնը։

Կիրակի 20 Օգոստոս 2023-ին, Շարժայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիէն ներս, Սուրբ Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին առիթով տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր Ս. եւ Անմահ Պատարագ եւ խաղողօրհնէք:

Օրուան Պատարագը մատուցեց Թեմիս Առաջնորդ՝ Գերշ. Տէր Մեսրոպ Եպս. Սարգիսեանը, քարոզին մէջ հիմնական օրէն անդրադարձաւ՝ Աստուածամօր հոգեւոր ներկայութեան Քրիստոսի կեանքէն ներս եւ մայրական դաստիարակութեան իր զաւակին հետ մնալով մինչեւ խաչելութիւն, «օրինակելի երեւոյթ՝ ներկայ մայրերուն ապացոյց մըն է որ իրենք պատասխանատու են իրենց զաւակներուն հոգեւոր եւ բարոյական դաստիարակութեան, նոյնիսկ իրենց չափահասութեանց ժամանակ» ըսաւ սրբազան հայրը:

Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ աւանդական խաղողի օրհնութիւնը: 

Այս առիթով Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ Թաղական Խորհուրդը, Բիէր Քէօսէեան սրահէն ներս, ժողովուրդին ներկայութեան նշեցին Սրբազան Հօր ծննդեան 40-րդ տարեդարձը:

 

 Մեր բարեմաղթանքները կը կցենք Գերշ. Տ. Մեսրոպ արք. Սարգիսեանին մաղթելով Սրբազան Հօր արեւշտաութիւն եւ ուղիղ առաքելութիւն իր նուիրական գործունէութեան առընթեր։