Օրերս սուրիացի դերասան՝ Մաքսիմ Խալիլ ընկերային ցանցի իր էջերով գուժած է իր մօր՝ Սթելլա Խալիլի մահը:
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ համացանցէն:
Սուրիացի դերասանը Ինսթըկրամեան իր էջին վրայ տեղադրելով մօր հետ իր լուսանկարը, յուզիչ խօսքերով սգացած է անոր կորուստը,- «Կը տեսնեմ հոգիդ կը սաւառնի Դամասկոսի թատրոններուն վրայով..., կը տեսնեմ կը քալէ այն հին թաղերով, որ այնքան կը սիրէիր... զօրաւոր ինչպէս միշտ... ազատ ինչպէս միշտ...»:
Իսկ Թուիթըրով Խալիլ գրած է բանաստեղծական տողեր «Հիմա ես որբ եմ մայրիկ...խաղաղութիւն թանկագին հոգւոյդ...ննջէ ու հանգչիր սիրելիս...դուն քու սրտիդ պէս վայր մըն ես հիմա սիրտս...Աստուած հետդ Սթելլա Խալիլ...»:
Ընկերային ցանցերու իրենց էջերով Մաքսիմ Խալիլին ցաւակցութիւններ յայտնած են սուրիացի կարգ մը դերասան-դերասանուհիներ, ինչպէս Շուքրան Մուրթատան եւ Սուլաֆա Մումարը:
Մաքսիմ Խալիլի մայրը՝ Սթելլա Խալիլ սուրիական դերասանական աշխարհի ամէնէն յայտնի դիմակայարդարն էր, աշխատած էր նաեւ որպէս տարազներու ձեւաւորող լիբանանեան կարգ մը տեսաշարերու համար:
Նշենք, որ դերասան Մաքսիմ Խալիլ 2021-ին արժանացած է ամէնէն լաւ դերասանի մրցանակին «Աուլատ Ատամ» (Ադամի զաւակները) տեսաշարի իր դերին համար: 2009-ին նաեւ արժանացած է մրցանակի «Զաման Ալ Ար» (Ամօթի ժամանակը) տեսաշարին մէջ իր երկրորդական դերին համար, իսկ 2013-ին Murex d'Or-ի մրցանակակիրն է, որպէս արաբ աշխարհի լաւագոյն դերասան «Ռուպի» տեսաշարի իր դերին համար: Ան աստղն է բազմաթիւ սուրիական եւ արաբական տեսաշարերու: