image

«Աստուած հետդ Սթելլա» ... Սուրիացի տաղանդաւոր դերասան Մաքսիմ Խալիլ սուգի մէջ

  «Աստուած հետդ Սթելլա» ... Սուրիացի   տաղանդաւոր դերասան Մաքսիմ Խալիլ  սուգի   մէջ

Օրերս սուրիացի դերասան՝ Մաքսիմ Խալիլ ընկերային ցանցի իր էջերով գուժած է իր մօր՝ Սթելլա Խալիլի մահը:

Այս մասին     «Արեւելք»  տեղեկացաւ համացանցէն: 

Սուրիացի դերասանը Ինսթըկրամեան իր էջին վրայ տեղադրելով մօր հետ իր լուսանկարը, յուզիչ խօսքերով սգացած է անոր կորուստը,- «Կը տեսնեմ հոգիդ կը սաւառնի Դամասկոսի թատրոններուն վրայով..., կը տեսնեմ կը քալէ այն հին թաղերով, որ այնքան կը սիրէիր... զօրաւոր ինչպէս միշտ... ազատ ինչպէս միշտ...»:

Իսկ Թուիթըրով Խալիլ գրած է բանաստեղծական տողեր  «Հիմա ես որբ եմ մայրիկ...խաղաղութիւն թանկագին հոգւոյդ...ննջէ ու հանգչիր սիրելիս...դուն քու սրտիդ պէս վայր մըն ես հիմա սիրտս...Աստուած հետդ Սթելլա Խալիլ...»: 

Ընկերային ցանցերու իրենց էջերով Մաքսիմ Խալիլին ցաւակցութիւններ յայտնած են սուրիացի կարգ մը դերասան-դերասանուհիներ, ինչպէս  Շուքրան Մուրթատան եւ Սուլաֆա Մումարը:

Մաքսիմ Խալիլի մայրը՝ Սթելլա Խալիլ սուրիական դերասանական աշխարհի ամէնէն յայտնի դիմակայարդարն էր, աշխատած էր նաեւ որպէս տարազներու ձեւաւորող լիբանանեան կարգ մը տեսաշարերու համար: 

Նշենք, որ դերասան Մաքսիմ Խալիլ 2021-ին արժանացած է ամէնէն լաւ դերասանի մրցանակին «Աուլատ Ատամ» (Ադամի զաւակները) տեսաշարի իր դերին համար: 2009-ին նաեւ արժանացած է մրցանակի «Զաման Ալ Ար» (Ամօթի ժամանակը) տեսաշարին մէջ իր երկրորդական դերին համար, իսկ 2013-ին Murex d'Or-ի մրցանակակիրն է, որպէս արաբ աշխարհի լաւագոյն դերասան «Ռուպի» տեսաշարի իր  դերին համար: Ան աստղն է բազմաթիւ սուրիական եւ արաբական տեսաշարերու: