image

Նասիմ Թալէպի մասին. Ապագայի կանխատեսումներ, նոր համաճարակ, եւ զգայացունց միտքեր.

Նասիմ Թալէպի մասին.  Ապագայի կանխատեսումներ, նոր համաճարակ,  եւ զգայացունց միտքեր.

Նասիմ Թալէպ «Սեւ կարապը» գիրքի նախաբանին մէջ նոյնը կը գրէ. «Մարդկութիւնը կը կարծէր, որ կարապները միայն ճերմակ կ՚ըլլան՝ մինչեւ այն օրը, որ մէկը յայտնաբերեց սեւ կարապ մը: Թէեւ զարմացան տեսածով, սակայն անխուսափելի իրականութիւնը ինքզինք կը պարտադրէր: Միակողմանի մտածողները կը հրաւիրեմ «սեւ կարապ»ի մը կարելութեան մասին մտածելու»: Ան նաեւ կը յայտնէ, որ արշաւախումբի յայտնաբերած սեւ կարապը բաւական անճոռնի եղած է:

Երեսունվեց շաբաթ շարունակ անոր գիրքը «Նիւ Եորք Թայմզ»ի պեսթսելլըրներուն ցուցակին մէջ էր։ Շատ մը վերլուծաբաններու համոզմամբ, եթէ պաշտօնեաները Թալէպի երեք-չորս գիրք կարդացած ըլլային, աշխարհ այսօր խնդիրներու առջեւ չէր ըլլար:

 

 

Աշխարհահռչակ իմաստասէր, ուսողագիր, ապագայատես, գիրքերու հեղինակ եւ ձեռներէց, Նիւ Եորքի համալսարանի դասախօս Նասիմ Նիքոլաս Թալէպ դեկտեմբերի առաջին երկու օրը անցուց Երեւանի մէջ։ Ան «Գիտութեան եւ գործարարութեան օրեր 2023» համաժողովի պատուաւոր հիւրն էր: Համաժողովէն առաջ նշանաւոր գիտնականը ունեցաւ ասուլիս մը, որու ընթացքին հանդէս եկաւ տպաւորիչ եւ զգայացունց յայտարարութիւններով:

Աշխարհի նշանաւոր գիտական, իմացաբանական եւ այլ բնոյթի համաժողովներու սպասուած հիւրն է Նասիմ Թալէպ վերջին տասնամեակի ընթացքին, մանաւանդ իր «Սեւ կարապը» նշանաւոր գիրքը լոյս տեսնելէ ետք: Անոր այս գիրքը լոյս տեսած է 2007 թուականին եւ այդ գիրքին մէջ էր, որ Թալէպ կանխատեսած էր քորոնայի համաճարակն ու այլ իրադարձութիւններ, որոնք պիտի փոխէին աշխարհը:

Այժմ ան աշխարհի մէջ կը նկատուի «սեւ կարապի տեսութեան» հեղինակը: Այս տեսութիւնը փոխաբերական իմաստով կը գործածուի դժուար կանխատեսելի եւ հազուագիւտ իրադարձութիւններու մասին, որոնք նշանակալի հետեւանքներ կ՚ունենան:

Լիբանան ծնած է Նասիմ Թալէպ՝ 1960 թուականին: Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն անոր ընտանիքը հեռացած է երկրէն. Թալէպները քաղաքական նշանաւոր ընտանիք են Լիբանանի մէջ, ուստի հեռացման պատճառներէն մէկը նաեւ այդ էր: Համալսարանական ուսում ստանալէ ետք Թալէպ սկսած է ուսումնասիրել պատահական իրադարձութիւններու ազդեցութիւնը տնտեսութեան եւ սակարաններու առեւտուրի վրայ, ինչպէս նաեւ ածանցեալ գանձատրական գործիքներով առեւտուրի ձեւերը:

Իր կանխատեսումներուն շնորհիւ Թալէպ քանի մը միլիոն տոլար վաստկած է 2007-2008 թուականներու համաշխարհային գանձատրական ճգնաժամի ժամանակ:

Գիտնականը առաջին անգամ կը գտնուի Հայաստանի մէջ: Համաժողովէն առաջ ան Հայաստանի տնտեսութեան նախարար Վահան Քերովբեանին հետ սարքեց համատեղ մամլոյ ասուլիս մը:

Քերովբեան մեծ յոյս ունի, որ Թալէպ կ՚օգնէ հայերուն հասկնալ, թէ ինչպէ՛ս կարելի է փոքր վնասներով եւ քիչ կորուստի հաւանականութիւններով հասնիլ մեծ արդիւնքներու: Համաժողովէն եւ կառավարութեան անդամներու հետ հանդիպումներէն ետք կը կատարուին ամփոփումներ, իսկ ասուլիսի ընթացքին Նասիմ Թալէպ հետեւեալ յայտարարութիւնները ըրաւ.

Ինծի համար մեծ պատիւ եւ երջանկութիւն է ըլլալ Հայաստանի մէջ: Ես եկած եմ Պէյրութէն ժամանող օդանաւով, որուն մէջ շատ էին հայերը։ Պիտի փաստեմ, որ Լիբանանի մէջ հայկական համայնքը բաւականին մեծ է, նաեւ կը կարծեմ, որ իմ անցեալ կեանքիս ընթացքին ես կապ ունեցած եմ հայերուն հետ: Վերջերս կը կարդայի ուսումնասիրութիւն մը, որ կը վերաբերէր սերնդագիտութեան: Հոն կը նշուէր, որ Լիբանանի առաջին բնակչութիւնը կազմուած էր նաեւ հայերէ, ինչ որ շատ կարեւոր է:

Այսօր հայերը Լիբանանի, Պէյրութի կեանքի անքակտելի մասը կը կազմեն:

Հայերու տեղաշարժի երեք ալիք եղած է Լիբանան ու միշտ չէ, որ հայերը լաւ կեանքի պատճառով հեռացած են»:

Ես կ՚ապրիմ Արեւմուտքի մէջ: Յաճախ սփիւռքի հայերուն հետ կը շփուիմ: Հայկական սփիւռքը ունի փորձագիտական զանազան կարողութիւններ, հմուտ են, գիտակ»:

Ինծի համար կրկնակի ուրախութիւն է, որ ես գիտարարութեան եւ կրթութեան նիւթերու օրերուն ներկայ պիտի գտնուիմ այս կարեւոր համաժողովին»։

Գիտէք, ես զիս կը նկատեմ ձեռներէց, այսինքն որպէս գործարա՛ր անցած եմ դէպի գիտութիւն ճանապարհը: Այդ ճանապարհը այնքան ալ կանոնաւոր չէ եղած: Երբ գիտութենէն կու գաս իրականութիւն, այլ բան է, բոլորովին այլ բան է՝ իրականութենէն գիտութիւն երթալը:

 

ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԵՐԵՔ ՎՏԱՆԳՆԵՐ

Նասիմ Թալէպ Երեւանի մէջ յայտարարեց, որ ինք աշխարհին համար այս պահուն կը տեսնէ երեք հաւանական վտանգներ, որոնցմէ մին համաճարակն է.

«Ես քորոնաժահրէն առաջ ալ խօսած եմ համաճարակի մասին իմ «Սեւ կարապը» գիրքիս մէջ: Տեսանք, որ ասիկա վտանգի մեծ աղբիւր է, կարող են ըլլալ տարատեսակ համաճարակներ», ըսաւ ապագայատես գիտնականը: Անոր երկրորդ կանխատեսումը գանձատրական համակարգի փլուզման մասին է.

«2008 թուականի մեծ գանձատրական ճգնաժամը Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ շատ աւելի բացասաբար անդրադարձաւ մարդոց կեանքին վրայ, քան շատ լուրջ, մահացու հիւանդութիւնները: Այս ամէն ինչը մեղմելու, այս բոլորին հակազդելու համար միջոցներ անհրաժեշտ են», պարզաբանեց Թալէպ:

Անոր կանխատեսմամբ, հիմա ԱՄՆ-ի մէջ ամենամեծ հաւանական վտանգը անշարժ գոյքի շուկայի փլուզումն է. «Աշխարհի համար երրորդ վտանգը պարտքի անընդհատ ահագնացող չափերն են արեւմտեան երկիրներուն համար: Ազգային պարտքերը հիմա աւելին են, քան ասկէ առաջ էին, տոկոսներ կը կուտակուին… Ասիկա փոթորիկ մըն է, որ դժուար է կեցնել:

Իսկ, եթէ հիմա ձեզի ըսեն, թէ աշխարհի մէջ իրական վտանգները կապուած են Չինաստանի, Կազզէի, Ուքրայնայի հետ, այդքան ալ ճիշդ չէ, կը կարծեմ իմ թուարկածներուս մէջ աւելի շատ վտանգ կայ»:

Թալէպ նշեց, որ երկար տարիներ առեւտրագէտ աշխատած է եւ առաջինը կը կեդրոնանայ վտանգներու գնահատման վրայ, կը փորձէ հասկնալ՝ արդեօք գործարարները գիտեն, թէ ինչպէ՞ս իրենց ընկերութիւնները պիտի դիմանան փոթորիկին:

 

ԿՐԿԻՆ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

Երեւանի մէջ սարքած ասուլիսի ժամանակ Նասիմ Թալէպ քանի մը ուրիշ դրուագներով նոյնպէս անդրադարձած է հայութեան: Լիբանանահայութեան մասին խօսելէ զատ ան խօսած է նաեւ ընդհանրապէս հայութեան մասին.

• «Գիտեմ, որ Տիգրան Մեծի ժամանակ ծովէ ծով Հայաստան կար, մինչեւ Միջերկրական ծով կը հասնէր Հայաստանի տարածքը, պատմութեան ընթացքին անընդհատ Հայաստանի տարածքը կրճատուած է եւ վերջին ցնցումն ալ շատ ծանր է»:

• «Դուք ունիք շատ ուժեղ սփիւռք, որ կարող է կարեւոր ներուժ ունենալ այս հարցին մէջ, բայց այս վերջին ցնցումը շատ ծանր է:

• «Հայ մշակոյթը շատ լայն տարածում ունենալով մինչեւ Երուսաղէմ կը հասնի եւ ինծի համար ցաւոտ է, որ Երուսաղէմն ալ տարածքի կրճատում կ՚ունենայ, փոքր Երուսաղէմ կը դառնայ»:

• «Իմ մասնագիտութիւնս կը վերաբերի վտանգներու անորոշութիւններուն: Այսօր շատ ծանր է, երբ մենք ականատես կ՚ըլլանք ցեղային զտումներու: Ի՞նչ կարելի է ընել՝ մի գուցէ անհրաժեշտ է աւելի շատ իրազեկել աշխարհը, որու աչքին առջեւ այսպիսի ողբերգական իրավիճակ տեղի կ՚ունենայ»:

• «Աշխարհի հայերը պէտք է վերադառնան Հայաստան։ Հայաստանէն դուրս հայերը անօգուտ փորձագիտական ուժ են»։

• «Անշուշտ, ինծի համար շատ հետաքրքրական էր գալ, տեսնել Հայաստանը, մշակութային կարեւորութիւնը շատ լաւ կը գիտակցիմ: Հայաստանը ինծի համար նաեւ ինչ-որ տեղ ոգեշնչման աղբիւր է, այստեղ կը զգամ իմ տունիս պէս»:

 

ՊԻԹՔՈՅՆԻ ՔՆՆԱԴԱՏ

Նասիմ Թալէպ աշխարհի մէջ յայտնի է իբրեւ պիթքոյնի մոլի քննադատ: Հակառակ որ այս անշօշափելի թուային արժոյթը օրէ օր աւելի շատ հետեւորդներ կ՚ունենայ, սակայն կան նաեւ նշանաւոր դէմքեր, որոնք պարզապէս լծուած են այդ գաղափարը քննադատելու: Թալէպը քննադատած է ներկայիս տնտեսական միջավայրը՝ նշելով, որ այդ միջավայրը յանգեցուցած է պիթքոյնի նման «ուռեցքներու» ստեղծման, եւ որ նման երեւոյթները կը վնասեն տնտեսութեան:

Ինք՝ Թալէպ, նոյնպէս ունեցած է թուային արժոյթ, սակայն 2021 թուականին ազատած է այդ մէկէն, որպէս հիմնական թերութիւն նշելով պիթքոյնի անկայունութիւնը:

 

ԳԻՐՔԵՐԸ՝ ՀԱՅԵՐԷՆ

Նասիմ Թալէպի գիրքերէն հինգը «Անտարես» հրատարակչութիւնը «Կողբ» հիմնադրամի հետ համագործակցութեամբ թարգմանած է հայերէնի, չորսը հրատարակուած էին եւ վերջինն ալ հրատարակուեցաւ հեղինակի՝ Երեւան ժամանելէն օրեր առաջ: Հինգ գիրքերը կը կազմեն հեղինակի INCERTO շարքը եւ ատոնք բոլորն ալ համաշխարհային մեծ վաճառքներ ունեցած են: Թալէպ անգլերէն կը գրէ, քանի որ դպրոցական ուսումի մէկ մասն ու համալսարանական ուսումը ստացած է ԱՄՆ-ի մէջ: Այդ գիրքերուն խմբագիրը, ի դէպ, Հայաստանի նախագահ Վահագն Խաչատուրեանն է: Թալէպեան շարքի ամենայայտնին, անշուշտ, «Սեւ կարապը» գիրքն է:

 

ՍԵՒ ԿԱՐԱՊ

«Սեւ կարապ» եզրը յայտնի է որպէս լատիներէն արտայայտութիւն՝ «հազուագիւտ թռչուն երկրի վրայ, ինչպէս սեւ կարապը», որ հռոմէացի բանաստեղծ Տեցիմուս Յունիուս Յուվենալիսի յայտնի մէջբերումն է։ Մինչեւ 1697 թուականը ծանօթ էր, որ կարապները միայն ճերմակ կ՚ըլլան, սակայն հոլանտական արշաւախումբ մը Արեւմտեան Աւստրալիոյ մէջ սեւ կարապներու տեսակ յայտնաբերեց եւ մօտեցումները փոխուեցան:

Նասիմ Թալէպ «Սեւ կարապը» գիրքի նախաբանին մէջ նոյնը կը գրէ. «Մարդկութիւնը կը կարծէր, որ կարապները միայն ճերմակ կ՚ըլլան՝ մինչեւ այն օրը, որ մէկը յայտնաբերեց սեւ կարապ մը: Թէեւ զարմացան տեսածով, սակայն անխուսափելի իրականութիւնը ինքզինք կը պարտադրէր: Միակողմանի մտածողները կը հրաւիրեմ «սեւ կարապ»ի մը կարելութեան մասին մտածելու»: Ան նաեւ կը յայտնէ, որ արշաւախումբի յայտնաբերած սեւ կարապը բաւական անճոռնի եղած է:

Երեսունվեց շաբաթ շարունակ անոր գիրքը «Նիւ Եորք Թայմզ»ի պեսթսելլըրներուն ցուցակին մէջ էր։ Շատ մը վերլուծաբաններու համոզմամբ, եթէ պաշտօնեաները Թալէպի երեք-չորս գիրք կարդացած ըլլային, աշխարհ այսօր խնդիրներու առջեւ չէր ըլլար:

Իր «Երբ խաղադրոյքը սեփական մորթդ է» գիրքին մէջ Թալէպ հարց կու տայ՝ ինչո՞ւ քաղաքական գործիչները այդքան անպատասխանատու են: Եւ ինքն ալ կը պատասխանէ՝ որովհետեւ անոնց չի սպառնար իրենց իսկ կայացուցած որոշումները, որովհետեւ իրենք իրենց մորթը որպէս խաղադրոյք չեն դներ:

 

ԹԱԼԷՊԻ ՄԻՏՔԵՐԷՆ

- Մեր օրերու գլխաւոր վտանգը իրականութեան հետ կապը կորսնցնելն է:

- Ատելութիւնը կեղծելը աւելի դժուար է, քան՝ սէրը: Դուք հաւանաբար լսած էք կեղծ սիրոյ մասին, բայց կեղծ ատելութեան մասին՝ հազիւ թէ լսած ըլլաք:

- Երբ չես գիտեր, թէ երկուքէն ո՛րը ընտրես, ոչ մէկն ալ մի՛ ընտրեր։

- Փորձի ձախողումը կրնայ տանիլ յաջողութեան:

- Ես կը վստահիմ բոլորին, որոնք ինծի կ՚ըսեն, թէ իրենք վստահութեան արժանի մարդիկ են…. Վստահէ անոնց, որոնք կը վստահին քեզի, բայց մի՛ վստահիր անոնց, որոնք կասկածամիտ են ուրիշներուն հանդէպ։

- Երբ ոեւէ մեկը իր խօսքին կը սկսի «պարզապէս» բառով, ուրեմն պատրաստ եղէք լսելու շատ խրթին բան մը:

- Տնտեսագիտութիւնը կը զբաղի պարզ բաները աւելի բարդ դարձնելով, ուսողութիւնը՝ բարդ բաները պարզեցնելով…

- Երբեմն գիտութիւնը կը դիտարկեն իրականութենէն կտրուած, վերացական երեւոյթ մը, ինչ որ այդպէս չէ. մենք կ՚ապրինք ֆիզիքական աշխարհին մէջ եւ պէտք է կեդրոնանանք կիրառելի գիտելիքի վրայ, այլ ոչ թէ անոր վրայ, ինչ որ կը մնայ դասագիրքերուն մէջ:

- Ուրիշներ վստահ նախանձելու են քու յաջողութեանդ, քու առողջութեանդ, քու միտքիդ, քու գիրքերուդ, քու դիրքիդ, բայց հազուադէպ կը նախանձին քու իմաստնութեանդ…

 

Անուշ Թրուանց
«Ժամանակ»/Պոլիս

Անուշ Թրվանց

Անուշ Թրվանց

Սովորել է ԵՊՀ-ում, իբրեւ լրագրող աշխատել է Հա...