Եւրոպախորհրդարանը հաւանութիւն տուած է բանաձեւի ծրագիրին, որ թոյլ կու տայ օգտագործել Սուրիոյ նախկին նախագահ Պաշշար Ասատի վարչակարգի սառեցուած աւանդները՝ աջակցելու համար Սուրիոյ մէջ քաղաքական անցումի եւ վերակառուցման գործընթացին։
«Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին կը յայտնած է Եւրոխորհրդարանի մամլոյ ծառայութիւնը։
Մարտ 12-ին Եւրոխորհրդարանին մէջ տեղի ունեցած նիստի ընթացքին, բանաձեւի ծրագիրը հաստատուած է 462 «կողմ», 76 «դէմ» եւ 106 «ձեռնպահ» ձայներով։
Թէեւ բանաձեւի ծրագիրը չէ անդրադարձած ԵՄ անդամ երկիրներու մէջ նախկին ղեկավարութեան սառեցուած ֆինանսական աւանդներու չափին, սակայն Եւրոխորհրդարանի անդամները ԵՄ-ի անդամ պետութիւններուն կոչ ուղղած են ուսումնասիրելու նախկին նախագահ Ասատի սառեցուած աւանդներու օգտագործումը՝ վերակառուցման, վերականգնման եւ տուժածներու փոխհատուցման համար։
Եւրոխորհրդարանը կոչ ըրած է անդամ երկիրներուն՝ աջակցելու Սուրիոյ նոր վարչակարգին՝ երկրին մէջ ուժանիւթի, ջուրի, առողջապահութեան եւ կրթութեան ոլորտներու վերակառուցման գործին եւ աջակցելու քաղաքական անցումին՝ երկիրը միաւորելու համար։
Յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ Սուրիոյ մէջ տեղահանուած է մօտ 500,000 մարդ, եւ որ բնակչութեան 90%-ը կ՚ապրի աղքատութեան մէջ։
Եւրոխորհրդարանի անդամները նշած են Սուրիոյ մէջ գոյութիւն ունեցող «անվտանգային փխրուն վիճակը», մասնաւորաբար՝ երկրի ափամերձ շրջաններուն մէջ, եւ դատապարտած են ալաուիներու սպանութիւնները՝ որպէս վրիժառութիւն Ասատի վարչակարգին հետ կապուած ըլլալուն համար։
Ընդունուած բանաձեւով, Եւրոխորհրդարանը բարձր գնահատած է սուրիացի ժողովուրդի «քաջութիւնը, արժանապատւութիւնը եւ տոկունութիւնը»՝ շեշտելով, որ քաղաքական անցումը պէտք է համախմբէ սուրիական հասարակութեան բոլոր տարբեր շերտերը, մասնաւորաբար՝ բոլոր կրօնական եւ էթնիք խումբերը, կիները եւ խաղաղ ընդդիմադիր ուժերը։
Միւս կողմէ, եւրոպացի պատգամաւորները Սուրիոյ նոր իշխանութիւններուն կոչ ըրած են «ազատուելու Ռուսիոյ եւ Իրանի հետ իրենց հին, տխրահռչակ դաշինքներէն, որոնք տառապանք պատճառած են սուրիացի ժողովուրդին եւ ապակայունացուցած են Մերձաւոր Արեւելքը»։
Եւրոպացի խորհրդարանականները կոչ ուղղած են Սուրիոյ իշխանութիւններուն դադրեցնելու ռուսական ռազմական ներկայութիւնը երկրին մէջ՝ դատապարտելով Մոսկուայի կողմէ Պաշար Ասատին եւ անոր ընտանիքին ապաստան տրամադրելը, որ արգիլած է անոնց նկատմամբ «արդարադատութիւն իրագործել»։
Անդրադառնալով Սուրիոյ դէմ Իսրայէլի յարձակումներուն՝ եւրոպացի խորհրդարանականները կոչ ուղղած են դրացի երկիրներուն յարգելու Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը եւ անմիջապէս դադրեցնել բոլոր յարձակումներն ու գրաւումը։
Աւելի վաղ, ԵՄ-ն, Սուրիոյ վերականգնման աջակցելու ջանքերուն շրջագիծին մէջ, 2025-ի Փետրուարին կասեցուցած էր շարք մը պատժամիջոցներ, որոնք սահմանուած էին նախկին վարչակարգին դէմ։