image
Հրատապ լուրեր:

Արժանի այց. Հռոմի Լեւոն 14-րդ Պապը պիտի այցելէ Սուրբ Շարպէլ ծննդավայր-ուխտատեղի

   Արժանի այց. Հռոմի Լեւոն  14-րդ Պապը պիտի այցելէ Սուրբ Շարպէլ ծննդավայր-ուխտատեղի

Ինչպէս ալ մտածեն անոնք, ինչպէս ալ վերաբերին, ինչ դիրքով ու հայեցակարգով ալ աղօթեն Սուրբ Շարպէլը «օրհնութեան» մը, աղօթքի մը, սրբութեան մը իրական պատուհանն է։

Շատեր ապրած են անոր սիրոյ երախտիքով, ուրիշներ նոյնիսկ փրկուած են անոր միջնորդութեամբ՝ մեր Տէրոջ Յիսուսի Քրիստոսի առաջ եւ շատ-շատեր ալ մինչեւ այս պահը ընկալած են ու դեռ ալ կ՚ապրին անոր խորութեան եւ համոզումներուն մէջ։

«Ապրող» Սուրբ է Շարպէլ Մախլուֆը ու այս առումով ալ պարտադիր է մեր յարգանքն ու երախտիքը Հռոմի նորընծայ Քահանայապետին օրհնական (նաեւ օրհնանքի տիրանալու) այցը դէպի իր սրբազան ծննդավայր՝ Աննայա։

Սագօ Արեանի դիմատետրեան էջ-էն կը կարդանք՝ 

Բոլոր առումներով իւրայատուկ այց պիտի ըլլայ Հռոմի Լեւոն14-րդ Պապին այցը՝ Լիբանան։ 

Բրոթոքոլային հանդիպումներէն, զրոյցներէն, աղօթքներէն ու կեդրոնական Սուրբ Պատարագէն անդին Պապը որոշած է իր այցի ընթացքին՝ «պահիկ» մը անցընել Լիբանանցի-մարոնի մեծ Սուրբին՝ Սուրբ Շարպէլի մտերմութեան ներքոյ։ 

Մտերմութիւն մը, որ պիտի դառնայ ուխտի նորոգում Սուրբի մը, որ բոլոր առումներով ապրող է, հասնող, փրկագործող եւ իրական Քրիստոնէութեան հայելի։

Ձեզմէ շատ-շատեր լսած են Սուրբ Շարպէլին մասին, ուրիշներ նոյնիսկ այցելած ու աղօթած են անոր բննօրանն՝ Անայայի մէջ, ուրիշ- ուրիշներ աղօթած ու աղերսած են իրեն, ու շատ ուրիշներ ուղղակի փրկուած եւ օրհնուած են այդ Սուրբի միջնորդութեամբ։ 

Սուրբ Շարպէլը իրաւամբ ոչ միայն Մարոնիներուն, Հայերուն, Ասորիներուն, Յոյն ուղղափառներուն ու Յոյն Կաթողիկէներուն ու Աւետարանականներուն կամ նոյնիսկ Սիւննի, Շիիթ կամ Տիւրզի իսլամներու Սուրբն է, այլ Սուրբն է համայն մարդկութեան։